Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առթիւ, Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2020-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ բարեխօսական կարգով աղօթք բարձրացուեցաւ մեր մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.
Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներու։
Նախքան բարեխօսական կարգը, ծաղկեպսակի զետեղում կատարուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին դիմաց։