Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակի Ոգեկոչում Ազգ. Առաջնորդարանէն Ներս

By April 21, 2020June 3rd, 2024No Comments

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առթիւ, Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1-ին, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն, բարեխօսական աղօթք պիտի բարձրացուի Ազգ. Առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։

Արարողութեան ընթացքին մեր աղօթքները պիտի վերառաքենք առ Աստուած, մեր սուրբ նահատակներուն բարեխօսութիւնը խնդրելու, որպէսզի հաւատքով եւ յոյսով անսասան ընթանանք մեր հոգեւոր ու ազգային ծառայութեան մէջ։ Մեր պահանջատիրութեան ձայնը անգամ մը եւս պիտի բարձրացնենք՝ յիշելու ու յիշեցնելու եւ վերահաստատելու մեր արդար իրաւունքներու վերատիրացման երթը աննահանջ շարունակելու մեր կամքը։

Նախքան բարեխօսական կարգը, պիտի կատարուի ծաղկեպսակի զետեղում Ազգ. Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին դիմաց։

Բարեխօսական կարգը ուղղակի պիտի սփռուի Ազգ. Առաջնորդարանի Դիմատետրի էջէն.- www.facebook.com/WesternPrelacy/

Close Menu

Categories