Ուրբաթ, 31 Մայիս 2024-ին, Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ ատենապետ Եղբ. Աւօ Կաբակչուզեանի, որոնք եկած էին շնորհաւորելու Առաջնորդ Սրբազանը առաջնորդական պաշտօնը ստանձնելուն առիթով։
Ներկայացուցիչները Առաջնորդ Սրբազանը տեղեակ պահեցին իրենց աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ տարիներ շարունակ Ազգային Առաջնորդարանը մշտապէս զօրավիգ կանգնած է Եղբայրակցութեան աշխատանքներուն ու առաքելութեան։ Անոնք այս այցելութիւնը նկատեցին մեր Եկեղեցւոյ ու ազգային աւանդներուն նկատմամբ յանձնառութեան վերանորոգումի առիթ։ Հանդիպումի ընթացքին կարեւորութեամբ վեր առնուեցաւ եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայական ասպարէզներուն մէջ երիտասարդներու ներգրաւման կարեւորութիւնը։
Գեղամ Արքեպիսկոպոս շնորհակալութեան յայտնեց շնորհաւորական այցելութեան համար եւ հաստատեց, թէ Ազգ. Առաջնորդարանի գործունէութեան մէջ կարեւոր բաժին ունի նոր սերունդի քրիստոնէական դաստիարակութիւնը՝ որպէս անմասն բաժին հայեցի դաստիարակութեան։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը կատարեց անհրաժեշտ ցուցմունքներ եւ խրախուսեց ներկաները իրենց եկեղեցանուէր գործունէութիւնը անխափան շարունակելու եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց յառաջիկայ բոլոր աշխատաքներուն։