Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

«Հայ Եկեղեցւոյ Առաքելական Աւանդը Պէտք Է Շարունակել Անաղարտ Փոխանցել Հայ Նոր Սերունդներու», Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը

By July 5, 2024No Comments

Կիրակի, 30 Յունիս 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Հոգեգալստեան տօնին առիթով իր անդրանիկ այցելութեամբ Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ, քարոզեց եւ յընթացս արարողութեան կատարեց Հայրապետական մաղթանք՝ նշելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 29-րդ տարեդարձը:

Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, hովիւ՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգչախումբը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Շարակնոցէն վերցուց տօնին պատշաճ բնաբան՝ ըսելով. «Աշակերտներ Քրիստոսի, որ առաքուեցաք աշխարհի բոլոր կողմերը, բարեխօսեցէք Տիրոջ մօտ մեզի համար: Դուք որ պատուէր ստացաք՝ առանց վախի կեանքի խօսքը քարոզելու, բարեխօսեցէք Տիրոջ մօտ մեզի համար: Դուք որ արժանի եղաք մարմնով տեսնելու Աստուծոյ Որդին յայտնապէս, բարեխօսեցէք Տիրոջ մօտ մեզի համար», միաժամանակ նշելով, որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի 12 առաքեալներուն, առաւել՝ 13-րդին՝ Պօղոս Առաքեալի տօնը կատարեցինք երէկ, Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն: Մեկնելով «առաքեալ» բառէն, Գեղամ Արքեպիսկոպոս բացատրեց, թէ ինչպէս Յիսուս Քրիստոս ընտրեց իր 12 աշակերտները, երեք տարի ուսոյց անոնց երկնային պատուիրանները եւ երբ ժամը հասաւ՝ Ս. Հոգիէն իրենց տրուած իշխանութեամբ, անոնք վկաները հանդիսացան Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին աշխարհի չորս ծագերուն:

Առաջնորդ Սրբազանը աւելցուց, որ առաքեալները ո՛ւր որ գացին եկեղեցիներ շինեցին, Աստուծոյ խօսքը քարոզեցին եւ նահատակուեցան: Այդ եկեղեցիները առաքելական են, մէկը անոնցմէ՝ Հայց. Առաքելական եկեղեցին է, որ Հայաստանի մէջ հիմնուեցաւ Քրիստոսի աշակերտներէն Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու կողմէ՝ շեշտելով, որ քրիստոնեայ աշխարհի մէջ առաքելականութիւնը պատմական աւանդ է, իսկ Հայ Եկեղեցին անաղարտ պահած է զայն մինչեւ այսօր եւ թէ մեր պարտականութիւնն է՝ գիտակից հաւատարմութեամբ տէր կանգնիլ մեզի շնորհուած աւանդին եւ զայն փոխանցել սերունդէ սերունդ:
Յընթացս արարողութեան, կատարուեցաւ նաեւ Հայրապետական մաղթանք: Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Հոգեւոր հայրեր յատուկ շարականի երգեցողութեամբ եւ աստուածաշնչական ընթերցումներով աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած՝ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին մաղթելով առողջ, կանաչ տարիներ եւ արդիւնաւէտ ծառայութիւն՝ Կիլիկեան Աթոռի գահակալ ընտրութեան եւ Կաթողիկոս օծման 29-րդ տարեդարձին առիթով:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց՝ Մոնթեպելլօ համայնք իր անդրանիկ այցելութեան ի պատիւ կազմակերպուած Սիրոյ սեղանին, հաց կիսեց համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ պատասխանատուներու եւ հաւատացեալներու հետ, ապա հատեց բարի գալուստի կարկանդակ:

Close Menu

Categories