Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագով Սկիզբ Առին Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակին Նուիրուած Տօնակատարութիւնները

By September 15, 2022May 31st, 2024No Comments

Կիրակի, 11 Սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս· Եպս. Տօնոյեան, Խաչվերացի տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց եւ նոր միւռոնով ջրօրհնէք, ապա մատաղօրհնէք կատարեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի մէջ՝ ի սրտէ շնորհաւորելով Ս. Խաչ ծխական համայնքի հարիւրամեակը եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի անուանակոչութեան տօնը:

Տէրունական Սեղանին սպասարկեցին Ս. Խաչ Մայր տաճարի Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ընկերակցութեամբ երգեհոնահար Տիկ. Գոհար Թորանեանի:

Հոգեւոր արարողութեան ներկայ եղան Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս· Արք. Թապագեան եւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս· Արք. Մարտիրոսեան, Ազգ. վարչութեան անդամներ՝ գլխաւորութեամբ Տիար Վահէ Յովակիմեանի, Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, Ազգ. երեսփոխաններ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ:

«Հայր Մեր»էն առաջ, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, Հայր Միւռոն, միւռոնընկալ ամանով, հանդիսաւորապէս Մայր Տաճարի մուտքէն դէպի Ս. Խորան յառաջացաւ եւ նոր միւռոնը յանձնեց պատարագիչ Սրբազան Հօր: Դպրաց դասի «Ամէն ալէլուիա» եւ «Առաքելոյ աղաւնոյ» շարականի երգեցողութեան ընթացքին՝ Առաջնորդ Սրբազանը նոր միւռոնէն կաթեցնելով՝ օրհնեց ջուրով լեցուն կաթսան: Ապա իր պատգամը ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն՝ չորս կէտերու մէջ ամփոփելով իր խորհրդածութիւնները:

Առաջին հերթին ան անդրադարձաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքի հարիւրամեայ յոբելեանին՝ ըսելով, որ ան «իր շարունակութիւնը կ՛ապրի Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի ճամբով, որուն հիմնադրութեան քառասուներորդ տարեդարձը կ՛ամբողջանայ այս տարի, հաւատքի նորոգութեան հոգեւոր աւիշ եւ անկիւնադարձային առիթ կը հանդիսանայ մեր ժողովուրդին համար: Հայոց Ցեղասպանութեան ի հետեւանք եւ այլ պատճառներով, երբ հայ ժողովուրդի ցաք ու ցրիւ զաւակներ առաջին անգամ հասան Ամերիկա եւ հաստատուեցան այս ափերը, անոնք, ամէն բանէ առաջ, հաւատքի իրենց կեդրոնը հիմնեցին՝ քարեղէն եւ ոգեղէն սիւներու վրայ բարձրացնելով Ս. Խաչ եկեղեցին, ապա Մոնթեպելլոյի մէջ վերածաղկունք ապրեցան Ս. Խաչ Մայր տաճարի եւ համայնքային կեանքի շինութեամբ, մի՛շտ ապաւինելով Խաչեալին ու Անոր ամենահզօր պաշտպանութեան»:

Պատգամին երկրորդ կէտը կը վերաբերէր Ամերիկայի մէջ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայութեան. «Այս պահուն, ուրախութեամբ կ՛արձանագրենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը բազում տասնամեակներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու մէջ անձնդիր ծառայութիւն կը բերէ մեր ազգին, իսկ 50 տարիէ ի վեր Արեւմտեան Թեմը՝ որպէս առանձին Թեմ՝ եզակի, ամբողջական եւ բազմամակարդակ ծառայութիւն կը մատուցէ, յատուկ առաքելութիւն իրագործելով մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս. եկեղեցաշինութիւն, դպրոցաշինութիւն, հոգեւոր, դաստիարակչական ազգային ծառայութիւն, բարեգործական բազմաշերտ ծրագիրներ, ինչպէս՝ հրատարակչական, երիտասարդական, քրիստոնէական դաստիարակութեան, կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ այլապէս, միով բանիւ՝ կեանքի կոչելով բազմագոյն ճշմարտութիւններ: Ներկայ դրութեամբ, Ազգ. Առաջնորդարանը դարձած է ամենաճառագայթող ներկայութիւն հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան ոստանին մէջ»:

Շարունակելով, Առաջնորդ Սրբազանը իբրեւ երրորդ կէտ վեր առաւ Սրբալոյս նոր միւռոնով ջրօրհնէք կատարելու պարագան եւ նշեց. «Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ 1 Յուլիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ օրհնուած Սրբալոյս միւռոնէն մեզի հետ բերած ենք Ս. Խաչ Մայր տաճար եւ մեծաւ ուրախութեամբ մեզի աղօթակից ունենալով՝ Գերշ. Տ. Տ. Եփրեմ եւ Մուշեղ Սրբազան Արքեպիսկոպոսները, մենք կատարեցինք ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն: Մեր հոգիի է՛ն խորերէն մաղթելով եւ հաւատքով աղօթելով, որ Տէրը, այս առիթով, Իր օրհնութիւնը անպակաս ընէ ընդհանրապէս Արեւմտեան Թեմի եւ մասնաւորաբար Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Տաճարի հոգեւոր խնամքին յանձնուած ժողովուրդի, Ազգ. երեսփոխաններու, Հոգաբարձական կազմի, սարկաւագաց, հոգեւորականաց դասերու եւ բոլոր, բոլոր նուիրեալներուն վրայէն: Թող որ այս ջուրը, որ քիչ ետք որպէս սրբութիւն ձեզի հետ պիտի տանիք ձեր տուները, մխիթարութիւն դառնայ բոլորիդ համար, թող որ հոգիի, մտքի ու մարմնի ցաւերը անմիջապէս բժշկուին եւ առողջութիւն շնորհող Քրիստոս Ի՛նք թագաւորէ մեր բոլորին կենաց մէջ, այսօր եւ ընդմիշտ»:

Պատգամի վերջին կէտով Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեան ըսաւ. «Խօսիլ եկեղեցւոյ մասին կը նշանակէ՝ խօսիլ երկրի վրայ իրագործուող երկնայի՛ն առաքելութեան մասին: Զի եկեղեցւոյ շարժիչ ուժը Աստուած Ի՛նք է, եկեղեցւոյ հիմնադիրը Աստուածաշունչ զօրութի՛ւնն է, եկեղեցւոյ տարածման պատճառը՝ Աստուծոյ ներգործող ուժը հանդիսացող Ս. Հոգի՛ն է, եկեղեցին Քրիստոսի խորհրդական մարմի՛նն է: Տակաւի՛ն: Խօսիլ հայ եկեղեցւոյ մասին, կը նշանակէ՝ խօսիլ հաւատքի՛ զարթօնքի, իմացակա՛ն լուսաւորութեան, ժողովուրդի արթնութեան՝ ե՛ւ մտքի, ե՛ւ հոգւոյ իմաստներով, եւս առաւել՝ կը նշանակէ խօսիլ ազգի մը, հաւաքականութեան մը ինքնութիւնը կազմաւորող ամենաուժեղ ու կենսաւորիչ զօրութեան մասին: Հայ եկեղեցին հենքն է հայ ազգի գոյութեան, փթթումին ու ծաղկումին: Ա՛յս է պատճառը, որ ե՛ւ Մայր Հայաստանի մէջ, պատմական հին օրերէն սկսեալ, ե՛ւ Կիլիկեան հայրենիքի մէջ, ու աւելի ուշ՝ յատկապէս յետ եղեռնեան օրերուն, սփիւռքեան բազմաոստան շրջաններու մէջ, հայ ժողովուրդը համախումբ՝ առաջին հերթին ուզեց իր եկեղեցին տեսնել՝ ամէն բանէ առաջ հաւատալով, որ գմբեթը հո՛սքն է զօրութեան, եւ ա՛ն է, որ կը ծնի Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու ամենասուրբ միջավայր, ծնունդ կու տայ ազգային կեանքը ձեւաւորող հայ վարժարաններու ու կեդրոններու եւ կը խթանէ հայկական միութիւններու ստեղծումը: Ինչպէս որ եկեղեցին է մայր՝ հոգեւոր իմաստով ունենալով բազմաթիւ զաւակներ, նոյնպէս ալ, որպէս կառոյց, ան միշտ մայրական գորով ունեցած է, եւ իր մայրական զգացումէն ու գիտակցութենէն մղուած՝ ծնած է որդիներ, մի՛շտ անդրանկութեան պատիւը շնորհելով հայ դպրոցին, որուն կողքին կանգնած են հայկական միութիւններ ու կառոյցներ»:

Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ Բաղրամեան սրահ, ուր հաւատացեալներու խուռներամ ներկայութեան կատարուեցան մատաղի օրհնութիւն ու բաշխում: Ապա տարիներու գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, որուն ընթացքին, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազանին, գնահատագիրներ ստացան եկեղեցւոյ երկարամեայ նուիրեալներ՝ Թորոս Խաչիկեան, Յովսէփ Ղարիպեան, Գոհար Թորանեան, Մաննիկ Աճէմեան, Վրէժուհի Սարգիսեան եւ Սիլվա Չաքեան: Այս առիթով սրտի խօսքերով հանդէս եկան Համօ Գասպարեան եւ Նազարէթ Ծատուրեան եւ Առաջնորդ Սրբազանը:

Իսկ օր մը առաջ՝ Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ Կիրակնամուտքի արարողութիւն, խունկի եւ խաչերու օրհնութիւն ու բաշխում:

Յայտնենք, որ Խաչվերացի տօնը, նաեւ մեր եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ վարժարաններու արձանագրութեան եւ վերամուտի օրն էր։ Կիրակնօրեայի ուսուցիչներն ու աշակերտները իրենց շրջանի եկեղեցիներուն մէջ ներկայ եղան Ս. Պատարագին ու Ս. Հաղորդութիւն ստացան, նոր տարեշրջանը աղօթքով ու Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեամբ սկսելու համար։

Close Menu

Categories