Կիրակի, 8 Մայիս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական շքերթով մուտք գործեց Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցի, ուր Եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ աղօթակից դարձաւ ծխական համայնքի հաւատացեալներուն ու բարեպաշտ ժողովուրդին, եկեղեցւոյ օծման 9-րդ տարեդարձին, խաչքարի օծման եւ «Մայրերու օր»ուան եռեակի առիթով: Սրբազան Հօր կ՛ընկերակցէր Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան:
Յիսուս Քրիստոսի լոյս էութիւնը ընելով իր պատգամին բնաբանը, Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ բոլոր մարդերուն կեանքին մէջ մնայուն ներկայութիւն դառնայ ճշմարիտ եւ անսպառ Լոյսը՝ Յիսուս Քրիստոսը, ապա, այս առումով, ի սրտէ ողջունեց Լաս Վեկասի հաւատացեալ ժողովուրդը, եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը, Ազգային երեսփոխանները, Դպրաց դասը, Տիկնանց միութիւնն ու յարակից մարմիններու ներկայացուցիչները:
Յետ արարողութեան, Թորգոմ Եպս. «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ մուտքին տեղադրուած խաչքարը ու զայն օծեց Սրբալոյս Միւռոնով: Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ հանգուցեալ երեք նուիրատուներու ընտանեկան պարագաները՝ Կարապետ Պօղոսեանի երեք դուստրերը, խաչքարի պատկերը գծող Ֆրետերիք Աբգարի այրին եւ Ճորճ Կոկեանի բարեկամները:
Յայտնենք, որ սոյն խաչքարը նշանակալից եւ արկածախնդրական պատմութիւն մը ունի իր ետին եւ տասնամեակ մը ետք անոր յայտնաբերումը նոր եռանդ յառաջացուց Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական համայնքէն ներս: Արդարեւ, տասը տարի առաջ, երեք բարեկամներ՝ Կարապետ Պօղոսեան, Ֆրետերիք Աբգար եւ Ճորճ Կոկեան, կը ծրագրեն խաչքար մը նուիրել Լաս Վեկասի ծխական համայնքին: Վերջին երկուքը իրենց պատկերացումով խաչքարի ուրուագիծը կը ձեւաւորեն, իսկ Կարապետ Պօղոսեանի գործարանը իրականութիւն կը դարձնէ զայն: Այդ օրերուն, երբ յարմար փոխադրամիջոց դասաւորելը կը դառնայ անկարելի, պատրաստուած խաչքարը կը մնայ Լոս Անճելըս, ապա կը մատնուի մոռացութեան:
Միայն վերջին քանի մը ամիսներուն է, որ շնորհիւ կարգ մը նուիրեալ ազգայիններու, նշեալ խաչքարը կը յայտնաբերուի եւ կը տեղադրուի իր մնայուն վայրը՝ արժանի վեհութեամբ ամուր կանգնելով Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մուտքին:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ յուշանուէրներ բաշխուեցան խաչքարի նուիրատու ընտանիքներուն, իսկ տեղւոյն ՀՕՄ-ի Շուշի մասնաճիւղի վարչութեան անդամները եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւին եւ Հոգաբարձութեան կողմէ «Տարուան Մայր» կոչումին արժանացան:
Այնուհետեւ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, հովանաւորութեամբ Հայ Օգնութեան միութեան Շուշի մասնաճիւղին, Հ. Հ. Պատուոյ հիւպատոս Տիար Ատրուշան Արմէնեանի եւ տիկնոջ Նորային, Տէր եւ Տիկին Ատուր եւ Արշօ Աղճայեաններու, եկեղեցւոյ Գուճաքեան սրահին մէջ սկիզբ առաւ «Մայրերու Օր»ուան նուիրուած ճաշկերոյթը:
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց եւ օրհնեց բոլորը, ապա թելադրեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ օծման առիթով կազմակերպել փառաւոր տասնամեակ, որ կը զուգադիպի յառաջիկայ տարուան: