Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Օծման 61-Ամեակին Առիթով

By November 15, 2024No Comments

Կիրակի, 10 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց, քարոզեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, Աստուծոյ Տան օծման 61-րդ ամեակին առիթով:

Ս. խորանին սպասարկեցին Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Արարողութեան ներկայ եղան Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, շրջանի Ազգ. երեսփոխաններ, Հոգաբարձութիւն, պատկան մարմիններու եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հոծ բազմութիւն մը: Ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզին բնաբանը վերցուած էր Յիսուս Քրիստոսի ուսմունքներուն յատկացուած եւ Մատթէոս Աւետարանիչի կողմէ գրի առնուած «երանութիւններ»ու բաժինէն, որ ամփոփուած է Մատթէոս Աւետարանի 5-7-րդ գլուխին՝ «Լերան քարոզը»ին տակ, ուր կ՛ըսուի. «Երանի անոնց, որոնք սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն»: Այս համարէն բխած խորհրդածութիւնները ընդարձակելով՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Աստուծոյ տեսութեան արժանի ըլլալու պայմանը է՛ ու կը մնայ՝ մաքուր սիրտ ունենալը եւ թէ՝ ամէնէն մաքուրները եկեղեցւոյ սուրբերն են, որոնք Աստուծոյ մօտ ու սիրելի են, որովհետեւ ունին սուրբ սիրտ, այսինքն՝ անոնց կեանքերը կլանուած են Աստուծոյ կամքով, որ կը սահմանուի Աստուծոյ կամքը կատարելու արարքով ու աստուածահաճոյ ապրելակերպով, ի մասնաւորի Աստուծոյ թելադրածին համաձայն՝ իր նմանը սիրելով, ուրիշին բարիքը նախապատիւ համարելով, անձնասիրութենէն հեռու մնալով եւ համայնական կեանքի բարօրութիւնը կեանքի ու գործի նպատակ դարձնելով:

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ դիտել տուաւ, որ նահատակները եւս՝ իբրեւ անձնազոհ մարդ արարածներ սուրբեր են, եւ անոնց նահատակութիւնը ապացոյց է՝ Աստուծոյ կամքին կամ ընդհանուրին բարիքին համար մինչեւ իսկ սեփական կեանքը զոհելու հաւատքին, ապա Սրբազանը այս միտքը կապեց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ անուանումին ու Ամենայն Սրբոց տօնին՝ ըսելով, որ տօնը Աստուծոյ կողմէ մարդկութեան ուղղուած կոչ մըն է՝ մաքուր սիրտ ունենալու եւ զայն անարատ պահելու համար մինչեւ իսկ նահատակութիւն աչք առնելու:

Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Էնսինոյի համայնքը իր եկեղեցւոյ օծման 61-րդ տարեդարձին առիթով, ապա դրուատեց Հոգեւոր Տան եւ համայնքային կեանքի աշխատանքներուն նկատմամբ ծառայական ոգի եւ յանձնառու վերաբերում ցուցաբերելը, յորդորելով ներկաները՝ անցողիկ այս կեանքը եկեղեցաշէն ու ազգանուէր գործունէութեամբ լաւագոյնս իմաստաւորելու:

Close Menu

Categories