27 Սեպտեմբեր 2020-էն ի վեր Արցախի վրայ Ազրպէյճանի կողմէ տակաւին շարունակուող յարձակումներու լոյսին տակ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 4 Հոկտեմբերին, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Արցախի մեր նահատակ հերոսներուն յիշատակին, ինչպէս նաեւ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք՝ Հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի ապահովութեան ու խաղաղութեան վերահաստատման համար։
Նոյն օրը, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։
Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։