Երեքշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2020ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց դասը ապրեցաւ յիշատակելի օր մը, նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս. Եպս․ Տօնոյեանի նախագահութեամբ ու հրաւէրով իրականացնելով հոգեւորականաց համագումար, որ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ:
Սրբազան Հօր շուրջ խմբուած՝ հոգեւոր սպասաւորները իրենց կոչման գիտակից, առաջին հերթին աչքի առաջ ունեցան ներկայ աշխարհի տագնապալի ժամանակաշրջանը, համայն մարդկութեան դիմագրաւած սուր մարտահրաւէրները եւ այս առումով փոխանակեցին փորձառութիւն ու գիտելիքներ։
Արցախ աշխարհը՝ իր ազգային եւ համամարդկային ցաւով ու մտահոգութիւններով, առաւելագոյն չափով ներկայութիւն եղաւ հոգեւորականաց համագումարին. եկեղեցական հայրերը ուղղուեցան մատուռ եւ յատուկ արարողութեամբ ու միասնական աղօթքով իրենց աղերսները բարձրացուցին առ Աստուած՝ ի խաղաղութիւն եւ յանսասանութիւն հայ ժողովուրդին ու Հայաստան-Արցախ հայրենիքին։
Համագումարի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը ներկայացուց շահեկան դասախօսութիւն մը՝ §Հայ Եկեղեցին երէկ եւ այսօր¦ նիւթով։ Սրբազան Հայրը հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմական նշանակալի ժամանակաշրջաններուն, դէպքերուն ու դէմքերուն եւ ընդգծեց հիմնարար գիտելիքներ Հայ Եկեղեցւոյ Աստուածաբանութեան մասին։
Հոգեւոր հայրերուն համար այս համագումարը առիթ մը եղաւ նաեւ լոյսին բերելու հովուական ծառայական կեանքը յուզող էական հարցեր ու երեւոյթներ, որոնց լուծման ու յաղթահարման համար անոնք ստացան գործնական ուղղութիւններ ու ցուցմունքներ։
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը համագումարին ներկայացուց կատարուելիք շարք մը նոր ծրագիրներ, որոնք կը միտին մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու մանաւանդ մատղաշ սերունդին ջամբելու ազգային հոգեմտաւոր սնունդ ու կրթութիւն։
Տեղին է նշել, որ համագումարի աւարտին, հոգեւոր հայրերը վերահաստատեցին՝ Արեւմտեան Թեմին ու անոր ընդմէջէն Հայ Ազգին ու Հայ Եկեղեցիին վերանորոգ հաւատքով ծառայելու իրենց նուիրուածութիւնն ու պատրաստակամութիւնը: