Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ նախաձեռնութեամբ Գերշ. Տէր Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Առաջնորդ Արեւմտեան թեմի, Ազգային Առաջնորդարանը հաստատած է հոգեւոր երեք նոր յայտագիրներ՝ մասնաւորաբար հայ մատղաշ ու երիտասարդ սերունդներու մօտ հոգեւոր արթնութիւն յառաջացնելու եւ զանոնք Աստուծոյ ճամբան առաջնորդելու նպատակով:
Մեր հաւատացեալները սոյն յայտագիրներուն կրնան հետեւիլ առցանց՝ Ազգային Առաջնորդարանի (Armenian Prelacy of the Western United States) Դիմատետրի (Facebook) եւ Ինսթըկրամի (Instagram) կայքէջերուն վրայ: Միաժամանակ, անոնք կրնան այս յայտագիրներուն կրկնութիւնը տեսնել ամէն Կիրակի առաւօտեան սփռուող, Առաջնորդարանի «Եկեղեցին Հայկական» հեռատեսիլային ծրագրով:
Ստորեւ կը ներկայացնենք նոր յայտագիրներն ու անոնց ժամանակացոյցը.-
Ա) ՀՕՏ ԵՒ ՀՈՎԻՒ,
Կը ներկայացնէ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան,
Ամէն Կիրակի, առաւօտեան ժամը 10ին:
Բ) ՃԱՆՉՆԱՆՔ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ,
Կը ներկայացնէ Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան,
Ամէն Երկուշաբթի, առաւօտեան ժամը 11ին:
Գ) REFLECTIONS WITH YOUTH,
Կը ներկայացնէ Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան – անգլերէն –
Ամէն Չորեքշաբթի, առաւօտեան ժամը 11ին: