
Շաբաթ, 15 Մարտ 2025-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ, Mission Hills Landmark սրահին մէջ մեծ փայլքով եւ բազմահարիւր ազգայիններու ներկայութեամբ նշուեցաւ Հոլիվուտի Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Երկրորդական վարժարանի հիմնադրութեան 55-ամեակը, կազմակերպուած 50-ամեակի ընդունելութեան յատուկ յանձնախումբին կողմէ, գլխաւորութեամբ Տիկին Ժագլին Պոյաճեան-Մինասեանի:
55-ամեակի ճաշկերոյթին ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ տիկինը, փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, ատենադպիր՝ Տիար Ճորճ Չորպաճեան եւ տիկինը, գանձապահ՝ Դոկտ. Գալուստ Ակոբեան, անդամ՝ Տիար Գեւիկ Պաղտասարեան եւ Դիւանապետուհին: Ճաշկերոյթի հիւրընկալն էր գաղութի երկարամեայ բարերար՝ Տիար Վահէ Կարապետեան: Ներկայ էին պատկան մարմիններու, յարակից միութիւններու եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգ. Փիլիպոս վարժարանի մեծ ընտանիքը, նոր ընտանիքներ կազմած հին աշակերտներ եւ քանի մը սերունդի շրջանաւարտ համալսարանականներ, ինչպէս նաեւ նուիրատու ազգայիններ եւ հիւրեր:
Պաշտօնական բաժինի բացման աղօթքը կատարեց շրջանի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, որմէ ետք, դպրոցի աշակերտական երգչախումբը յաջորդաբար կատարեց Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի ու վարժարանի քայլերգները, ղեկավարութեամբ վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի՝ Տիկին Լուսինէ Մելիքսէթեանի:
Ճաշկերոյթի հանդիսավար՝ վարժարանի սաներէն Տիար Հայկ Պոյաճեանի բարի գալուստի ջերմ խօսքերէն ետք, յանուն կազմակերպիչ յանձնախումբին՝ բարի գալստեան խօսք արտասանեց Տիկին Պոյաճեան-Մինասեան: Ապա, գեղեցիկ համադրումով մը՝ յատուկ գնահատանքի արժանացան Վարժարանի շրջանաւարտներէն՝ Դոկտ. Սարգիս Մազմանեան իբրեւ Պատուոյ ուսանող, Տիար Մայքըլ Չաքմաքճեան՝ իբրեւ Պատուոյ Գերազանց Ձեռնարկու, Արամ Եագուպեան իբրեւ Պատուոյ Արուեստի Տեսլագէտ, Մուրատ Շահինեան՝ իբրեւ Համայնքի Պատուոյ անդամ եւ Նազարէթ եւ Մարիա Գառնիկեաններ՝իբրեւ վարժարանի երկարամեայ դաստիարակներ: Գնահատականներու տուչութեան արարողութիւնը մէջընդմէջ համեմուած էր տեսերիզներու ցուցադրութեամբ, ուր ներկայացուեցան՝ վարժարանի առօրեայ կեանքը՝ «Անկասելի Փիլիպոս» խորագրով եւ նախագիծ մը՝ վարժարանի նոր գնուած բաժնի յետ ընդարձակման նորարար ծրագրին: Կրթական համալիրի բարեզարդման ծրագիրները իրենց խորութեամբ, տարողութեամբ ու մանրամասնութիւններով ներկայացնող այս տեսերիզները սրահը լեցուցած ազգայիններուն հոգիին մէջ վերահաստատեցին ազգային հպարտութեան ջերմ զգացումներ եւ լուսառատ յոյս՝ ազգային կրթանուէր մեր ռւղին տանելու նոր բարձունքներու:
Բարերարներու եւ նուիրատուներու նուիրուած շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքով հանդէս եկաւ տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Տիկին Սիւզի Օհանեան, որ նախ պատումը կատարեց վարժարանի կից երկու կալուածներու գնման աշխատանքներուն, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց՝ գլխաւոր բարերար՝ Legacy Benefactor, Թեմիս Ազգային Վարչութեան փոխ ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի, որ ի յիշատակ իր սիրելի կնոջ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի՝ իր զաւակաց եւ ընտանիքներուն հետ իշխանական գումարով մը մեծապէս աջակից դարձաւ վարժարանի մեծ ընտանիքի տարիներու երազին իրագործման, վարժարանի նախակրթարանի բաժինը անուանելով Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան նախակրթարան: Գլխաւոր նուիրատու էր նաեւ Visionary Benefactor` Տոքթ. եւ Տիկին Փօլ եւ Թալիա Գալուստեան ամոլը, որու անունով պիտի կոչուի վարժարանը ընդարձակող նոր գնուած բաժինը՝ Institute of Humanity & Art-ը: Այսու գոհունակութեամբ կ’արձանագրենք, որ շնորհիւ ազգային վարժարանի առաքելութեան հաւատացող այս վարժարանի ընտանիքի նախկին թէ նոր մեծաթիւ անդամներու անվերապահ զօրակցութեան, 55-ամեակի երեկոյին հանգանակուեցաւ շուրջ 5 միլիոն տոլարի գումար մը:
Թեմիս բարեջան առաջնորդ Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան իր պատգամով ի սրտէ շնորհաւորեց վարժարանը իր 55-ամեայ փայլուն վերելքին առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց վարժարանի ընդարձակման բոլոր ծրագիրներուն՝ ի փառս հայ վարժարանին, հայ ուսուցիչին ու հայ աշակերտին, սրտի խոր գոհունակութեամբ իր օրհնութիւնները բաժնելով գլխաւոր բարերար Ազգային վարչութեան փոխ ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանին եւ զաւակաց, Տոքթ եւ Տիկին Փօլ եւ Թալիա Գալուստեան ամոլին, եւ վարժարանի կանաչ երթին իրենց մեծ թէ փոքր նուիրատուութեամբ բաժին բերած բոլոր բոլոր զօրակիցներուն, նուիրատուներուն, ծառայողներուն, որոնք, ի սրտէ մասնակից դարձան, որ Հոլիվուտի հայահոծ շրջանին մէջ հայօրէն շնչող եւ համայնքի հայութեան կեանքին միշտ նորոգ շունչ հայթայթող ազգային այս վարժարանը շէնքային նոր հնարաւորութիւններով հարստանայ ու ընդարձակի՝ ուռճացնելով իր յարկին տակ հասակ առնող հայ աշակերտութեան թիւը, որուն կարեւոր մասը, ինչպէս նշեց տնօրէնուհին, երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասէ նման պատեհ առիթի:
Այս պատմական առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը յղած էր Հայրապետական Օրհնութեան Գիր, զոր Առաջնորդ Սրբազանը ընթերցեց՝ բազմահարիւր յոտնկայս ներկաներուն:
Պաշտօնական բաժինի աւարտին, ներկաները տօնախմբեցին վարժարանի պատմական այս յաղթանակը խրախճանքով: