Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ Գահակալ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա․ Կաթողիկոս իւրաքանչիւր տարի նշանաբանով մը դրոշմելու քառորդ դարու վրայ հաստատած իր աւանդութիւնը նոր օղակով մը հարստացուց, 2022ը հռչակելով ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ։
Նորին Սրբութիւնը համավարակի եւ Մայր Հայրենիքի ու Սփիւռքի դէմ ցցուող սպառնալիքներու լոյսին տակ, ներառելով հայ կեանքի կրօնական, քաղաքական, մշակութային, ընկերային բոլոր երեսները, իր փորձառութեամբ, իմաստութեամբ եւ հեռատեսութեամբ, ներկայ հռչակագրով հրամայական կը նկատէ եւ կոչ կ՛ուղղէ անխտիր մեր բոլոր կառոյցներուն, որ մեր ծրագրումներուն եւ աշխատանքներուն սեւեռակէտը դարձնենք ՍՓԻՒՌՔի հզօրացումը, քաջ հաւատալով որ զօրաւոր Սփիւռք կը նշանակէ զօրաւոր Հայրենիք, եւ փոխադարձաբար զօրաւոր Հայրենիք նախապայման է զօրաւոր Սփիւռքի։
Այս առթիւ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան ու Գանատայի Հայոց Թեմակալ Առաջնորդներու տնօրինութեամբ, յառաջիկայ Կիրակի, 16 Յունուարին, իրենց պատկան բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի ընթերցուի Վեհափառ Հայրապետին դրական ու նպատակասլաց տեսլականով երկնուած սոյն հռչակագիրը։ Սրբազան Հայրերը նաեւ կը յորդորեն, որ իւրաքանչիւր գաղութ կարելիութեան սահմաններուն մէջ կեանքի վերածէ սոյն հռչակագիրը, ի յառաջդիմութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ ի փառս Ամենակալին Աստուծոյ։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ,
Առաջնորդ Արեւելեան Թեմի
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ,
Առաջնորդ Գանատայի Թեմի
ԹՈՐԳՈՄ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ,
Առաջնորդ Արեւմտեան Թեմի