Նախաձեռնութեամբ Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան եւ Գործադիր յանձնախումբին, Կիրակի, 19 Յունուար 2020-ին, նշուեցաւ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 13րդ տարելիցը։
Կէսօրէ ետք, Մոնթեպելլոյի նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում, ապա հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ Հրանդ Տինքի, Սարգիս Հացպանեանի, Սեւակ Պալըքճըի եւ Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան մասնակցեցաւ արարողութեան։
Երեկոյեան, միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան յուշ երեկոն։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ եղաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։
Յայտագիրին սկիզբը, ներկայ հոգեւոր հայրերը կատարեցին բացման աղօթքը եւ հոգեհանգիստ՝ Հրանդ Տինքի հոգւոյն համար։ Գլխաւոր բանախօսներն էին «Ակօս» օրաթերթի հայերէն բաժինի խմբագիր՝ Տիար Բագրատ Էսթուքեան, Ֆրանսահայ յայտնի իրաւաբան՝ Տիար Րոյ Առաքելեան եւ «Հրանդի Ընկերներ» կազմակերպութեան անդամ Տիկ. Թամար Նալճը։
Միութիւնը այս տարի Հրանդ Տինքի անուան «Հոգիի ազատութեան եւ արդարութեան» շքանշանը շնորհեց Տիար Բագրատ Էսթուքեանին։