Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի Տարեկան Ճաշկերոյթ

By March 2, 2020June 18th, 2024No Comments

Շաբաթ, 29 Փետրուար 2020-ին, ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի տարեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Կլենտէլիյ Հիլթըն պանդոկին մէջ։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնակին։ Ներկայ էր նաեւ Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ Ճաշկերոյթի Յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկին Վիքի Մարաշլեանի բարի գալուստի խօսքով։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի տնօրէնուհի Դոկտ. Ալինէ Դուրեան։

Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց բացման աղօթքը եւ ուղղեց իր շնորհաւորական խօսքը։ Ան գնահատեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական, Շրջանային, եւ մասնաճիւղերու ժրաջան անդամուհիները՝ իրենց նուիրեալ եւ անձնուէր ծառայութեան համար, շնորհաւորեց օրուան մեծարեալն ու ճաշկերոյթի գլխաւոր հովանաւոր Տիկին Հայկուշ Քոհլըր՝ իր երկար տարիներու ծառայութեան եւ նիւթաբարոյական աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ բոլոր զօրակից նուիրատուներն ու ներկաները։ Անդրադառնալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի »Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու« տարուան յայտարարութեան, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, թէ որպէս հայ քրիստոնեաներ, մեր բոլորին պարտականութիւնն է օգնութեան ձեռք երկարել մեր նմաններուն, աւելցնելով, որ ՀՕՄ-ը արդէն իսկ 110 տարիներէ ի վեր իր ուխտին հաւատարիմ՝ կը ծառայէ ազգին եւ աւելի քան 35 տարիներէ ի վեր Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքին Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ։

Յաջորդաբար խօսք առին ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Սիլվա Փօլատեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան։ Յատուկ գնահատանքի արժանացաւ Տիկին Հայկուշ Քոհլըր։ Պաշտօնական յայտագիրը վերջ գտաւ մոմավառութեան արարողութեամբ։

Close Menu

Categories