– Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԵՆՔ, ՈՐ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի «ՀՐԱՇՔ»Ը
ԸՆՁԻՒՂՈՒԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ», ԸՍԱՒ ԹՈՐԳՈՄ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Հինգշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, իր կողքին ունենալով Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանը, փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանը եւ ատենադպիր՝ Տիար Ճորճ Չորպաճեանը, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան Լիբանանէն ժամանած ատենապետին՝ Տիար Յակոբ Խաչերեանի, ընկերակցութեամբ նոյն վարչութեան Լոս Անճելըսէն անդամներու՝ Տեարք Վիգէն Աբէլեանի եւ Մհեր Դաւիթեանի:
Շահեկան հանդիպման ընթացքին ծաւալած զրոյցը ընդգրկեց ազգային եւ միութենական կեանքը յուզող զանազան հարցեր, որոնց յիշատակումը կատարուեցաւ սրտցաւօրէն, մինչ Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ յատուկ անդրադարձ կատարեց հայոց համազգային կեանքէն ներս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դերին ու տեղին մասին եւ կարեւորութեամբ առաջարկեց, որ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ նոյն կազմակերպութեան կողմէ ստեղծուած «Հրաշք» միաւորը, որ իր շուրջ կը խմբէ տարբեր կարողութիւններով օժտուած մանուկներ ու պատանիներ, իբրեւ դրական փորձ ու արձագանգ՝ ընձիւղուի ընդհանրապէս հայ գաղութներու եւ մասնաւորաբար Միջին Արեւելեան գաղթօճախներէ ներս:
Իբրեւ գործնական արտայայտութիւն բարոյականի կողքին նաեւ նիւթական աջակցութեան, Առաջնորդ Սրբազանը մօտաւորապէս վեց ամիս առաջ Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ հիմնուած «Յատուկ կարողութիւններով օժտուած մանուկներու հիմնադրամ»էն տասը հազար տոլար ($10,000) դրաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան տրամադրութեան տակ: Այս առիթով, Ազգ. վարչութիւնը այլապէս ալ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ին:
Հուսկ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ական այցելուները յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգ. վարչութեան, շնորհաւորեցին անոնց Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, ապա գործակցութիւնը շարունակելու հեռանկարը վերածեցին համահայկական հնչեղութեամբ օժտուած ջերմ մաղթանքի: