Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Եւ Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները Շնորհաւորական Այցելութիւն Տուին Նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին

By December 18, 2020June 2nd, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2020ի յետմիջօրէին, Հ.Յ.Դ. յատուկ պատուիրակութիւն մը պաշտօնական այցելութեամբ մը շնորհաւորեց Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանը, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի համա-ներկայացուցիչներ տիար Աւետիք Իզմիրլեան, բժիշկ Գարմէն Օհանեան եւ անդամ տիար Հրայր Կարապետեան:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Բիւրոյի կազմին անունով դոկտ. Եագուպեան Առաջնորդ Սրբազանին փոխանցեց սրտագին շնորհաւորութիւններ եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր ներկայ եւ ապագայ ծրագիրներուն ու գործունէութեանց: Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներ տիար Իզմիրլեան եւ բժիշկ Օհանեան, իրենց կարգին շնորհաւորեցին Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի Արեւմեան Թեմի Առաջնորդ ընտրութիւնը եւ անվերապահ աջակցութիւն ցուցաբերեցին անոր բոլոր աշխատանքներուն, իսկ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ տիար Կարապետեան, որ նաեւ Քրեսենթա Հովիտի ծխական համայնքի հոգաբարձական կազմի ատենապետն է, շնորհաւորական իր խօսքին հետ դրուատեց նաեւ Սրբազան Հօր ծառայութիւնները:

Փոխադարձաբար, Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Յ.Դ. պատուիրակութեան այս այցին համար եւ նշեց, որ «միասնաբար, կողք-կողքի, մեր բոլոր ուժերը համախմբելով պիտի փորձենք մեր լաւագոյնը ընել մեր գաղութի առաւել ծաղկազարդման եւ բարգաւաճման համար, որովհետեւ մեր գաղութը պէտք ունի մեր ծառայութեան եւ մեր ամբողջական ներուժին» եւ շեշտեց, որ «այսօր, աւելի քան երբեք պէտք է լարենք մեր ուժերը, որպէսզի կարենանք լաւագոյնս սատարել այն գերագոյն նպատակի յաջողութեան, որ Հայաստանի հզօրացումն է, Հայ Եկեղեցւոյ անսասանութիւնը եւ հայ ազգի զաւակներուն հայօրէն գոյատեւումն ու անխափան երթն է դէպի փայլուն ապագայ»:

Close Menu

Categories