Ուրբաթ, 7 Ապրիլ 2023-ի առաւօտեան, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ ԱԺ պատգամաւոր Տիար Իշխան Սաղաթելեան, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեանի եւ անդամներ՝ Տեարք Քրիս Քէօսէեանի ու Լեւոն Պարոնեանի, այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ: Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Ազգ. վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Ճորճ Չորպաճեան, Գալուստ Յակոբեան եւ Սարգիս Թաթիկեան:
Հանդիպման ընթացքին ծաւալեցաւ զրոյց, որ ընդգրկեց Հայաստանի ու Արցախի ներկայ իրավիճակը: Յոյս յայտնուեցաւ, որ հայութիւնը՝ ազգ ու հայրենիք, կը յաջողին յաղթահարել նաեւ այս ծանր հանգրուանը, յանուն հայոց բնօրրանի ու հայ ժողովուրդի ապահով կեցութեան եւ բնականոն կեանքով ապրելու ու բարգաւաճելու ամենանուիրական բաղձանքի իրականացման: