Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Մարք Սրկ. Շիրին Եւ Տիկինը Մարկրիթ 10 Հազար Տոլարով Կը Զօրակցին Ազգային Առաջորդարանի Գործունէութեանց

By December 28, 2020June 2nd, 2024No Comments

Շաբաթ, 26 Դեկտեմբեր 2020ին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ սարկաւագներէն Մարք Սրկ. Շիրին եւ Տիկինը Մարկրիթ, ի պատիւ Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, տասը հազար տոլար նուիրեցին Ազգային Առաջնորդարանին, առ ի զօրակցութիւն Առաջնորդարանի ազգանուէր եւ եկեղեցաշէն գործունէութեանց։

Շիրին ընտանիքը շնորհաւորելով Սրբազան Հայրը, իր ամբողջանուէր աջակցութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու Ազգային Առաջնորդարանին, ինչպէս նաեւ կանաչաւուն ճանապարհ մաղթեց անոր առաքելութեան ու ծառայութեան մէջ։

Close Menu

Categories