Skip to main content
search
Uncategorized

Մեծահանդէս Տօնախմբութեամբ Բացումը Կատարուեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի Նոր Համալիրին

By April 30, 2023May 1st, 2024No Comments

– ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 1,000,000 ՏՈԼԱՐ

Շաբաթ, 18 Մարտ 2023-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի նախագահութեամբ, Էնսինոյի նոր գնուած համալիրի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի ընդարձակման նպաստող նոր կալուածի բացման նուիրուած յատուկ հանդիսութիւն, որուն ներկայ եղան Ծերակուտական Պրէտ Շըրմըն, Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի նախագահ Փօլ Գրիգորեան եւ անդամներ, եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ· Տ· Ռազմիկ Աւ. Քհնյ· Խաչատուրեան, Ազգ. վարչութեան, Հոգաբարձական կազմի, Խնամակալ մարմինի, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի Ուսումնական մարմինի անդամներ, վարժարանի Տնօրէնութիւնը, Ուսուցչական կազմը, Պատկան մարմինի, ՀՕՄ-ի Անահիտ եւ Համազգայինի Պարոյր Սեւակ մասնաճիւղերու եւ միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ, ծնողներ, աշակերտներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:

Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան աղօթք կատարեց եւ ողջունեց Սրբոց Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի նոր համալիրի բացման հանդիսութեան բազմահարիւր ներկաները, Աստուծոյ խօսքով կիսեց շրջանի հայութեան կրթական կեանքի հարստացման ու ընդարձակման այս բացառիկ առիթն ու յաղթանակի բերկրանքը, ապա կոչ ուղղեց համախմբուելու եւ իրարմով զօրանալու, յանուն հայ նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան եւ գաղութի կեանքի առաւել բարգաւաճման ու ընդարձակման՝ հաւատալով, որ Աստուած շարունակական օրհնութիւններ պիտի շնորհէ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի մեծ ընտանիքին։ Այնուհետեւ, մոմավառութեան բոցարծարծ լոյսերու ներքեւ, վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Սօսի Շանլեանի եւ Ուսումնական մարմինի ատենապետ Տիար Վահէ Պէնլեանի ընկերակցութեամբ, Առաջնորդ Սրբազանը հատեց նոր համալիրի գործունէութեան բացումը ազդանշող խորհրդանշական ժապաւէնը: Շրջափակին մէջ
շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկաւ Պրէտ Շըրմըն եւ իբրեւ խորհրդանշական նուէր Տիար Պէնլեանի յանձնեց Միացեալ Նահանգներու դրօշէն օրինակ մը իր փաստագրով, որ ժամանակին ծածանած է Ուաշինկթընի տարածքին: Յաջորդաբար խօսեցան նաեւ Փօլ Գրիգորեան եւ անդամներ, Տիար Պէնլեան փոխանցեց Ուսումնական մարմինի խօսքը, Տիկին Շանլեան՝ Տնօրէնութեան խօսքը։

Այնուհետեւ, վարժարանի շքեղօրէն յարդարուած Աւետիսեան սրահին մէջ սկիզբ առաւ ընդունելութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ, վարժարանի աշակերտներէն՝ յաջորդաբար Աննա Ատէմեանի, Մայա Գազանճեանի, եւ Քրիսթըլ Գոճաօղլանեանի կատարողութեամբ, բացման խօսքով հանդէս եկան հանդիսավարներ՝ KTLA 5 հեռատեսիլային կայանի խօսնակ Տիկին Էլինա Աբովեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ՝ Տիար Ճէք Հաճինեան, ապա Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց սեղանները, ընկերակցութեամբ Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի եւ գնահատեց մեծաթիւ ներկաներու զօրակցութիւնը համայնական կեանքի բարիքին ի նպաստ այս հանդիսութեան՝ նշելով, որ վարժարանի ընդարձակման ծրագիրի մշակման օրերուն Ազգ· Առաջնորդարանը խոստացած էր առաջին զօրակցողը ըլլալ նման յանդուգն քայլի. +-առ այդ, ան բեմ հրաւիրեց Ազգ· վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեանը, Ուսումնական մարմինի ատենապետ Տիար Վահէ Պէնլեանն ու տնօրէնուհի Տիկին Սօսի Շանլեանը եւ Ազգ· Առաջնորդարանի անունով հարիւր հազար ($100,000) տոլարի վճարագիր յանձնեց վարժարանի պատասխանատուներուն։

Ձեռնարկի ընթացքին ներկաները հաղորդ դարձան Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի կրթական երեք բաժիններու պատասխանատուներու խօսքերուն ու դպրոցական իրավիճակին՝ մեծ պաստառներու վրայ դիտելով Սրբոց Նահատակաց՝ ՀՕՄ-ի Փիլաւճեան Մանկամսուր-մանկապարտէզի պատրաստած «Աւանդը կը շարունակուի», Մարի Գապայեան նախակրթարանի՝ «Գապայեանի աշակերտի կեանքէն օր մը» եւ Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի՝ «ծրագրել մեր ապագան միասին» տեսերիզներ, որոնց ընդմէջէն լաւագոյնս արժեւորուեցաւ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի հայութեան կեանքին մէջ արձանագրուած այս մեծ յաղթանակը:

Յայտնենք, որ երեկոյթը ճոխացաւ երգ ու պարով, տեղի ունեցաւ լուռ աճուրդ, իսկ ներկաներէն շատեր լիաբուռն նուիրատուութիւններ կատարեցին (աւելի քան մէկ միլիոն տոլար – $1,000,000), իրենց խնդակցութիւնը յայտնելով նոր համալիրի բացման հանդիսութեան:

Close Menu

Categories