2020 թուականը կը զուգադիպի Լիբանանի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի հաստատման 90-ամեակին։ Սոյն յոբելեանը պատշաճ կերպով պիտի տօնախմբուի Կաթողիկոսութեան բոլոր Թեմերուն մէջ, ինչպէս նաեւ մեր Թեմէն ներս։
Այս առիթով, Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիսութիւն-համերգ, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին։ Խօսք պիտի առնեն Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան եւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, որուն պիտի յաջորդէ համերգ մը կատարողութեամբ հանրածանօթ թենոր եւ Դպրեվանքի շրջանաւարտ՝ Տիար Գէորգ Հաճեանի, որ Հայաստանէն հրաւիրուած է յատուկ այս առիթով։ Փակման եւ օրհնութեան խօսքը պիտի ուղղէ Առաջնորդ Սրբազանը։
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակից դառնալու այս տօնախմբութեան, արժեւորելու Դպրեվանքին անգնահատելի դերը սերունդներու կերտման մէջ, անոնց ջամբելով կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն, որպէս կրօնական եւ ազգային սպասարկուներ։