Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր էջ (Լուրերու լուսարձակ)Գլխաւոր ԼուրերԼուրերու լուսարձակ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Հովուապետական Այցելութիւն Պիտի Շնորհէ Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմին

By January 31, 2025No Comments

Այսու, ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ ընդառաջելով Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան (Խառն ժողով) հրաւէրին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ շնորհազարդ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիսկոս, Հովուապետական այցելութեամբ պիտի պատուէ մեր Թեմը ընթացիկ տարւոյս 24 Հոկտեմբերէն մինչեւ 11 Նոյեմբեր:

Այցելութեան ժամանակացոյցը, որ նաեւ կը ներառէ Նորին Սրբութեան գահակալութեան 30-ամեակի առիթը, կը հրապարակուի ի մօտոյ եւ յետ վերջնականացման:

Ջերմագինս կը թելադրենք՝ Թեմիս մէջ գործող ծխական, միութենական եւ կազմակերպութեանց վարչութեանց ու պատկան մարմիններուն, որ նկատի ունենան Վեհափառ Հօր մեր շրջան այցելութեան թուականը նաեւ իրենց ծրագրումներուն մէջ, չխաչաձեւելու համար Նորին Սրբութեան տարիներէ ի վեր սպասուած շնորհաբեր այցելութիւնը Արեւմտեան մեր Թեմին:

ԴԻՒԱՆ ԽԱՌՆ ԺՈՂՈՎԻ

Close Menu

Categories