Skip to main content
search
Uncategorized

Յայտարարութիւն Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Կից Շէնքին Վրայ Գործադրուած Հրձիգութեան Մասին

By September 17, 2020June 2nd, 2024No Comments

Ազգային Առաջնորդարանը կը դատապարտէ Հինգշաբթի 17 Սեպետեմբեր 2020-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն Սան Ֆրանսիսքոյի մեր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից ազգապատկան շէնքին վրայ կատարուած հրձիգութիւնը, ուր կը գործեն Եկեղեցւոյ գրասենեակները, Վասպուրական սրահը, շրջանի միութիւններու գրասենեակներն ու տեղւոյն Համազգայինի գրադարանը։

Այս արարքը, վերջին տարիներուն մեր գաղութին դէմ գործադրուող խափանարարութիւններէն մէկն է միայն, որուն կ՛ենթարկուին հայ կառոյցներ՝ ուրկէ լոկ աստուածահաճոյ, գաղութային ծառայութիւններ ու ազգանուէր գործունէութիւն կը ծլարձակուին։ Ատելավառ այս արարքներուն վերջինը, դժբախտաբար նուազ քան երկու ամիս առաջ, դարձեալ Սան Ֆրանսիքոյի մէջ, մեր Ազգ. Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական վարժարանին վրայ կատարուած խափանարարութիւնն էր։

Հրդեհին պատճառած վնասները մեծ են, սակայն գոհունակութիւն կը յայտնենք, որ մարդկային վնասներ չկան։

Ազգ. Առաջնորդարանն ու տեղւոյն պատկան մարմինները կը սպասեն որ պետական սպասարկութիւններ յայտնաբերեն յանցագործները, յուսալով որ օրէնքի առջեւ հաշուետու նկատուին։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Close Menu

Categories