
Կիրակի, 20 Ապրիլ 2025-ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիները մեծաշուք կերպով նշեցին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը, բազմահարիւր հաւատացեալները ներշնչելով՝ Յարուցեալ Յիսուսի միջոցով հանդերձեալ կեանքին արժանանալու յոյսով:
Արդարեւ, Արեւմտեան Թեմի ծխական բոլոր համայնքները խուռներամ բազմութեամբ յաճախեցին իրենց եկեղեցիները եւ Ս. Զատիկը նշեցին տօնին պատշաճ ոգեւորութեամբ: Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ պատգամեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ՝ նշելով, որ Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ դարեր շարունակ Ս. Յարութեան տօնը կը նշուի իբրեւ կեանքի եւ ուրախութեան տօն, որովհետեւ Յարուցեալ Յիսուս սարսափազդու մահուան յաղթեց եւ Իրեն հաւատացողները կեանքի որդիներ ըրաւ՝ յաւիտենական կեանքի արժանացնելով զանոնք: Դարերէ ի վեր, մարդկութիւնը իր հոգիի փրկութեան եւ յաւիտենական կեանք ունենալու հաճոյքն ու ուրախութիւնը կը նշէ Ս. Յարութեան այս տօնին եւ մեր եկեղեցիներուն մէջ ամէն տարի տօնելով զայն, մենք խաչեալ, ապա յարուցեա՛լ Քրիստոսը կը դաւանինք իբրեւ մեր Հոգեւոր Առաջնորդը եւ Իր միջոցով յաւիտենական կեանքի աւետիսը կը փոխանցենք մեր օրերու սերունդներուն, այնպէս, ինչպէս դարեր շարունակ կատարած է Հայ Եկեղեցին՝ սերունդէ սերունդ եւ շրջանէ շրջան տարածելով զայն, որպէսզի իր հօտի բոլոր զաւակները իմանան եւ իրենց կարգին տարածեն բոլորին:
Իր խօսքին մէջ բացատրելով Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրը՝ Ադամէն մինչեւ «երկրորդ Ադամ»ի՝ Յիսուս Քրիստոսի աշխարհ գալն ու Իր մահով մահուա՛ն յաղթելը եւ յարութեամբը յաւիտենական կեանքի յոյսը հողեղէններուս մէջ տարածելը, Գեղամ Արքեպիսկոպոս շեշտեց, որ աստուածային այս ծրագիրով մարդը վերանորոգուեցաւ եւ նոր կեանքի արժանացաւ, «որովհետեւ մեր հաւատքը կեանքի՛ հաւատք է եւ Քրիստոսի յարութեան վրայ խարսխուած է, հետեւաբար այս ժամանակաւոր մահացու կեանքը մեզի համար չէ՛ այլեւս, այլ մենք յաւիտենականութեա՛ն կը պատկանինք, որովհետեւ կը հաւատանք Յիսուսի հրաշափառ յարութեան եւ այսօր այդ ուրախութիւնն է, որ մենք միասի՛ն կը տօնենք», ըսաւ ան ու աւելցուց, որ իբրեւ քրիստոնեաներ՝ մեր կեանքին մէջ ո՛չ թէ նիւթական, այլ յաւիտենական արժէքներու հետամուտ պէտք է ըլլանք, աւելի ազնիւ, աւելի եղբայրասէր ու մարդասէր, նիւթէն անդին՝ աննիւթականին ծառայութեան մէջ ըլլալով, որպէսզի հաւատքով ժառանգենք Յիսուս Քրիստոսի միջոցով անդենական կեանքի արժանանալու իրաւունքը:
Հուսկ, Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսն ու Արեւմտեան Թեմի ծխական բոլոր համայնքները, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ իր հայրական բարեմաթութիւնները փոխանցեց բոլորին:
Յայտնենք, որ Ս. Զատկուան արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հաւատացեալ հոծ բազմութիւն: