
Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի առաջնորդութեամբ, ընթացք առաւ Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութեան կազմակերպած աշակերտական քայլարշաւը, որ ընդգրկեց Լոս Անճելըսի բոլոր հայկական վարժարաններու բարձր կարգերու աշակերտական խումբերը (մօտաւորապէս 1400 աշակերտ): Ապրիլեան ոգեկոչական հանդիսութեան ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան անդամներ, Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ատենապետ՝ Տիար Սարգիս Ուրֆալեան եւ անդամներ, քայլարշաւին մասնակից վարժարաններու տնօրէններ, դաստիարակ-ուսուցիչներ եւ պատասխանատուներ:
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու 110-ամեայ տարելիցին նուիրուած աշակերտական քայլարշաւը ընթացք առաւ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանէն, աղօթքի համար կանգ առաւ շրջանի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ, ապա իր երթը շարունակեց դէպի Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան, ուր ծաղկեկողովներ եւ ծաղկեփունջեր զետեղուեցան Մեծ Եղեռնի նահատակներու յիշատակին:
Այս առիթով, յուշակոթողին առաջ նաեւ կատարուեցաւ Բարեխօսական աղօթք, մասնակցութեամբ Հոգեւոր հայրերու: Յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց սրտայոյզ պատգամ՝ ծանրանալով ժամանակի երեք՝ անցեալ-ներկայ-ապագայ տարածութեանց վրայ, ապա յուշարձանին շուրջ խմբուած աշակերտութեան ուղղելով իր հայրական խօսքը նշեց, որ անցեալի գործօնը մեր ժողովուրդի զանգուածային յիշողութիւնն է այն մասին, որ պատմագիտականօրէն արդէն իսկ հաստատուած, պատահա՛ծ իրողութիւն է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, զոր այսօր ոչ միայն կը յիշենք, այլեւ ներկայ հայ սերունդներու մասնակցութեամբ պահանջատէրի կեցուա՛ծք կը ցուցաբերենք ազգովին, որպէսզի վաղը՝ դո՛ւք, սիրելի՛ աշակերտներ, նոր ու գալիք սերունդներու կեանքին մէջ վառ պահէք պահանջատիրութեան ոգին եւ ա՛յս յանձնառութեամբ ներշնչէք ձեր զաւակներն ու թոռները, որպէսզի շարունակուի մեր ազգին պահանջատիրական երթը՝ մինչեւ Հայ Դատի արդար լուծում եւ արեւմտահայութեան հողային, հոգեկան, տնտեսական ու մշակութային կորուստներու արդար հատուցում:
Յայտնենք, որ օրուան պատգամաբերն էր Ազգ. վարչութեան անդամ Տիար Ճէք Հաճինեան: Ոգեկոչական հանդիսութեան նաեւ խօսք առին՝ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնուհի՝ Օրդ. Լենա Կարապետեան եւ նոյն վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ՝ Տիար Քրիս Կուլճեան: