Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Նախկին Նախագահ Նենսի Փելոսի

By November 11, 2025No Comments

Շաբաթ, 8 Նոյեմբեր 2025-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի նախկին նախագահ եւ այժմ ծերակուտականի անդամ Նենսի Փելոսի, իր խորհրդականին, ինչպէս նաեւ ծերակուտականի անդամ Աննա Էշուի ընկերակցութեամբ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթապլեան եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Մատթէոս Սենեքերիմեան:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը ընդգրկեց շարք մը հարցերու քննարկումը՝ Հայաստանէն մինչեւ Լիբանան, Միջին Արեւելք եւ Միացեալ Նահանգներու հայ գաղութը: Նենսի Փելոսի Ամերիկայի Դեմոկրատ կուսակցութեան բարձրագոյն ղեկավարներէն է եւ նոյն կուսակցութեան անդամներուն մօտ մեծ վարկ կը վայելէ: Ան միշտ մօտ եղած է հայ գաղութին եւ հայ ազգի իրաւունքներու պաշտպանութեան իր զօրակցութիւնը յայտնած է:

Յիշեցնենք, որ շաբաթ մը առաջ, Արեւմտեան Ամերիկեայի Հայ դատի գրասենեակին կազմակերպած ճաշկերոյթին, Վեհափառ Հայրապետը եւ Նենսի Փելոսին իրենց խօսքերը ուղղած էին:

Close Menu

Categories