Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը

By April 9, 2020June 3rd, 2024No Comments

«ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԵՑԷ՛Ք, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԵՍ ՅԱՂԹԵՑԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ»

Աստուծոյ Որդին դէպի Գողգոթա ուղղուելէ առաջ, իր աշակերտներուն վախն ու անորոշութիւնը տեսնելով կ’ըսէ՝ «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33)։

Աստուծոյ Որդին մարդեղացած էր երկրաւոր նպատակներու ու նիւթական շահերու վրայ հիմնուած աշխարհի մարդակեդրոն համակարգը քանդելու եւ հաստատելու՝ երկնային ճշմարտութիւններուն վրայ հիմնուած Աստուածակեդրոն համակարգը։ Ան աշխարհ եկած էր անառակ դարձած մարդը վերադարձնելու իր Երկնաւոր Հօր։ Քրիստոս իր խաչով ու յարութեամբ իրագործեց իր առաքելութիւնը՝ յաղթեց աշխարհին ու երկրի վրայ հիմնեց երկինքի թագաւորութիւնը։

Աստուծոյ Որդւոյն աշակերտները՝ Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին յայտնուած ճշմարտութիւններով ու արժէքներով զինուած եւ Քրիստոսի խաչով ու յարութեամբ հզօրացած յաղթահարեցին աշխարհի տագնապներն ու չարիքները՝ մարդկային կեանքին մէջ ցանելով սերմերը երկնքի արքայութեան։

Քրիստոսի Աւետարանը աշխարհ տանելու հաւատքի յանձնառութենէն մղուած, եկեղեցւոյ հայրերն ու սուրբերը փոթորկալից աշխարհին մէջ քաջօրէն վկայեցին զՔրիստոս, Փրկիչը աշխարհին՝ դառնալով յաւիտենական ճշմարտութիւններու պատգամախօսները նո՛յնիսկ արեան նահատակութեամբ։

Ահաւոր հալածանքներու ենթարկուած եկեղեցին, իր ողջ պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ ներկայ ժամանակները, Քրիստոսի խաչին ու յարութեան յաղթանակով գօտեպնդուած մնաց հզօր՝ Աւետարանի յաւիտենական պատգամը աշխարհին տանելու իր առաքելութեամբ։

Նոյնպէս նա՛եւ հայ եկեղեցին. վկա՛յ արիւնով ու տառապանքով լեցուն իր դարաւոր պատմութիւնը։ Արդարեւ, իր ժողովուրդի կեանքին մէջ կենդանի ներկայութիւն դարձած, անոր տագնապներուն ու երկունքներուն հետ ինքզինք նոյնացուցած, աքսորի ու ցեղասպանութեան ճամբէն քալած մեր եկեղեցին լսեց ձայնը Քրիստոսին՝ մի՛ վախնաք, քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին։

Սիրելի՛ հայորդիներ,

Այսօր, ճգնաժամի մէջ գտնուող աշխարհին մէջ, Յարուցեալ Քրիստոսի յաղթանակով հզօրացած հայ եկեղեցին նո՛յն պատգամը կը փոխանցէ մեր ժողովուրդին.-

Քաջալերուեցէ՛ք, մի՛ յուսահատիք, որովհետեւ Քրիստոս մեր Տէրը յաղթե՛ց աշխարհի չարին, մեղքին ու մահուան։

Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրեցէ՛ք ձեր կեանքին մէջ՝ բարին մտածելով ու բարիք կատարելով, ձեր նմանին օգնելով։

Չմոռնաք երբեք, որ Աստուած իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց մեզի՛ համար, որովհետեւ սիրեց մեզ (Յհ 3.16)։ Քրիստոս հրաշագործեց, քարոզեց, խաչուեցաւ ու յարութիւն առաւ մեր փրկութեան համար։

Զօրացուցէ՛ք ձեր հաւատքը ու ամրացուցէք ձեր յոյսը, որովհետեւ երբ Աստուծոյ հետ ենք՝ Աստուած մեզի հետ է մեր կեանքի բոլոր օրերուն եւ բոլոր պայմաններուն մէջ։

Յիշեցէք, որ Քրիստոս իր արիւնով մեզ գնեց (Գրծ 20.28) ու մեզ Աստուծոյ որդեգիր զաւակը դարձուց։ Ըլլանք հնազանդ զաւակը մեզի պաշտպան ու պահապան մեր Երկնաւոր Հօր։

Յարուցեալ Քրիստոս աշխարհին չարը յաղթելով, մեր առջեւ բացաւ յաւիտենական կեանքի ու փրկութեան ճամբան։ Քալե՛նք այս ճամբէն՝ հեռու մնալով մեզ դէպի աշխարհի մոլութիւնները առաջնորդող ճամբաներէն։ Քալե՛նք այս ճամբայէն՝ վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով։

*
* *

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները՝

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։

Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Արմէն Սարգիսեանը ու Վսեմաշուք Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Բակօ Սահակեանը, մաղթելով իրենց հայրենանուէր իրագործումներով լեցուն ծառայութիւն։

Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, մաղթելով եկեղեցաշէն ծառայութեամբ հարուստ երկար գահակալութիւն։ Կ’ողջունենք նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ.
buy lexapro online https://www.adentalcare.com/wp-content/themes/medicare/fonts/engl/lexapro.html no prescription

Սահակ Արք. Մաշալեանը, մաղթելով իրենց բեղմնաւոր ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։

Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, աղօթելով առ Յարուցեալ Քրիստոս, որ իրենց եկեղեցաշէն ու ազգանուէր առաքելութիւնը արդիւնաւորէ նոր յաջողութիւններով։

Սիրելի՛ զաւակներ հայ ժողովուրդի,

Եկէք Սուրբ Զատկուան առաւօտուն աղօթենք միասին, որ չարին ու մեղքին դէմ իր հրաշափառ յարութեամբ յաղթանակ տարած մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս աշխարհէն հեռացնէ չար ու չարիք, հիւանդներուն առողջութիւն ու գործոց յաջողութիւն պարգեւէ եւ մեր կեանքը լեցնէ երկնային շնորհներով ու բարիքներով։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Սուրբ Զատիկ 2020
Անթիլիաս, Լիբանան

Close Menu

Categories