Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քալիֆորնիոյ Նահանգի Փոխ Կառավարիչը

By November 11, 2025No Comments

Սան Ֆրանսիսքօ ժամանած օրը՝ Ուրբաթ, 7 Նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց Քալիֆորնիոյ նահանգի փոխ կառավարիչ Էլէնի Քունալաքիսը, մինչ կառավարիչ Կեվըն Նյուսըմ երկրէն դուրս կը գտնուէր:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու հայ դատին, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան, Ամերիկայի հայ գաղութին, Միջին Արեւելքի հայութեան եւ յարակից հարցերու: Հետաքրքրական զրոյց մը կայացաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ փոխ կառավարիչին միջեւ յիշեալ հարցերուն շուրջ՝ նկատի ունենալով Քունալաքիսի յունական ծագումն ու յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ անոր սերտ առնչութիւնը:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայ դատի արեւմտեան շրջանի պատասխանատուները, որոնք անդրադարձան յատկապէս Քալիֆորնիոյ հայ գաղութին առնչուած կարգ մը հարցերու:

Նորին Սրբութեան կողքին էին Ամերիկայի Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Ռոստոմ Այնթապլեան:

Close Menu

Categories