Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Խօսքը Ուղղեց Ամերիկայի Հայ Իրաւաբանական Միութեան Համախմբումին

By November 17, 2025No Comments

Շաբաթ, 8 Նոյեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, հրաւէրով Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ գումարուող Ամերիկայի հայ իրաւաբանական միութեան համախմբումին, կարճ այցելութիւն մը տուաւ անոր եւ խօսք արտասանեց:

Ան շեշտեց իրաւաբաններու առաքելութեան կարեւորութիւնը, որպէս պաշտպան արդարութեան ու ճշմարտութեան: Նորին Սուրբ Օծութիւնը միաժամանակ լայն բացատրութիւններ տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացած Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին գծով տարուող աշխատանքներուն մասին: Այս ծիրէն ներս, Հայրապետը յատկապէս շեշտեց հայ դատը իրաւական դաշտ ուղղելու կարեւորութիւնը՝ Սիսի յիշեալ դատը նկատելով առաջին ու վճռական քայլը այդ ուղղութեամբ:

Նորին Սրբութիւնը նաեւ պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն, ապա իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ ճաշի հիւրը եղաւ Միութեան:

Close Menu

Categories