Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց»Ի Շքանշանով Պատուեց Սօսի Փօլատեանը Եւ «Կիլիկեան Ասպետ» Շքանշանով՝ Ռազմիկ Փօլատեանը

By November 11, 2025No Comments

Սան Ֆրանսիսքօ հովուապետական այցելութեան առաջին երեկոյեան, ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը առիթը յարմար նկատելով՝ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով գնահատեց Սօսի Փօլատեանը, իսկ «Կիլիկեան Աստպետ» շքանշանով՝ անոր զաւակը՝ Ռազմիկ Փօլատեանը:

Սօսի Փօլատեան երկար տարիներ գործօն մասնակցութիւն բերած է Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին (Լ.Օ.Խ.), Լիբանանի նախագահին նշանակած կնոջական յանձնախումբին մէջ ներկայացուցած է հայ համայնքը, անդամ է Ազունիէի ազգային բուժարանի խնամակալ մարմինին, ինչպէս նաեւ անդամակցած է մարդասիրական ու ընկերային բնոյթ ունեցող յանձնախումբերու եւ յաճախակի առիթներով յօդուածներ ստորագրած է հայ մամուլի էջերուն վրայ:

Ռազմիկ Փօլատեան կարեւոր ներդրում բերած է Սան Ֆրանսիսքոյի մեր համայնքին, յատկապէս եկեղեցւոյ ու դպրոցի առնչուած ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն:

Յայտնենք, որ ճաշկերոյթի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Գեղամ արքեպիսկոպոս Խաչերեանն ու Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթապլեանը:

Close Menu

Categories