Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար 2023-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց ամբողջ հայութեան, Հայաստան-Արցախ հայրենեաց աշխարհի եւ մասնաւորաբար Ազգ. Առաջնորդարանի ծրագիրներուն մի՛շտ նեցուկ կանգնած գաղութի բարերարներէն` ազնուափայլ Տիկին Հիլտա Պաղտասարեանը եւ իր երկու զաւակներն ու հարսերը. Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Գեւիկ Պաղտասարեան եւ Տիկինը՝ Փօլա, Տիար Փիթըր Պաղտասարեան եւ Տիկինը՝ Ռուպի:
Պաղտասարեան ընտանիքը եկած էր Առաջնորդ Սրբազանին յանձնելու մէկուկէս միլիոն տոլարի ($1,500,000) վճարագիր, առ ի զօրակցութիւն՝ Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի նոր մանկամսուրին, այսպիսով հանդիսանալով գլխաւոր բարերարը ազգային կրթական նոր կառոյցին:
Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ազնուական հիւրերը եւ բարձր գնահատեց Պաղտասարեան եղբայրներու իշխանական այս նոր նուիրատուութիւնը, ի յիշատակ իրենց հօր՝ հանգուցեալ Յակոբ Պաղտասարեանի եւ ի պատիւ իրենց մօր՝ Տիկին Հիլտա Պաղտասարեանի:
Այս առիթով Թորգոմ Եպիսկոպոս շնորհակալական խօսք արտասանեց եւ օրհնեց բարերար ընտանիքի հանգուցեալ հօր՝ «Կիլիկիան իշխան» եւ ազգային մեծ հայասէր Յակոբ Պաղտասարեանի յիշատակը, երկար կեանք մաղթեց Տիկին Հիլտային եւ մեծարանքով դրուատեց յատկապէս երիտասարդ Պաղտասարեաններու ցուցաբերած անսակարկ ծառայական հոգին ու բարի կամեցողութիւնը՝ համայնքային կեանքէն ներս ու մանաւանդ Ազգ. Առաջնորդարանի հոգեւոր, եկեղեցական, ազգային ու կրթական բոլոր տեսակի նախաձեռնութեանց յաջողութեան ի խնդիր: