Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ռիթա Գաբրիէլեան Պարգեւատրուեցաւ Ս. Մեսրոպ Շքանշանով

By November 28, 2022May 31st, 2024No Comments

Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի ձեռամբ, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով պարգեւատրուեցաւ վաստակաշատ կրթական մշակ Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեան: Հայրապետական կոնդակի ընթերցումը կատարեց Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան:

Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Տիկին Գաբրիէլեանի՝ իբրեւ ուսուցիչ եւ կրթական մշակ աւելի քան չորս տասնամեակի ուսուցչական եւ կրթական ծառայութիւնը՝ Լիբանանի Ազգ. Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճէն սկսեալ մինչեւ Լոս Անճելըսի Ազգ. Շամլեան վարժարանի փոխ տնօրէնի պաշտօնը:

Հանդիսութեան ներկայ էին Ազգ. վարչութեան անդամ Տիար Գեւիկ Պաղտասարեան, Ազգ. Խնամակալ մարմինի ատենապետ Տիար Սարգիս Ուրֆալեան, անդամներ՝ Դոկտ. Յասմիկ Պարան եւ Արմէն Աբրահամեան: Խնամակալ մարմինի սրտագին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Տիկին Պարան, մինչ Ազգ. Շամլեան վարժարանի Տնօրէնուհի՝ Տիկին Թալին Քարկոտորեան Տիկին Գաբրիէլեանի պարգեւատրումը նկատեց հայ մշակոյթի նուիրեալներու ուղղուած գնահատանքի բարձրագոյն արտայայտութիւն:

Պարգեւատրեալը՝ Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեան, իր կագին ուղղեց շնորհակալական խօսք՝ Վեհափառ Հայրապետին, Առաջնորդ Սրբազանին, բոլոր խօսք առնողներուն եւ իր անսահման ուրախութիւնը յայտնեց՝ ամբողջ 41 տարի իր անձն ու ժամանակը նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան գործին նուիրաբերած ըլլալուն համար:

Յայտնենք, որ պարգեւատրման հանդիսութեան ներկայ եղան նաեւ Տիկին Գաբրիէլեանի ընտանեկան պարագաներ եւ հիւրեր, որոնք խնդակցական բարեմաղթութիւններ փոխանցեցին իրենց հարազատին:

Close Menu

Categories