
Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի օրհնութեամբ, Շաբաթ, 26 Մարտ 2022-ի առաւօտեան, Լոս Անճելըսի մեր եկեղեցիներէն ներս գործող սարկաւագներ աղօթքի համար խմբուեցան Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ եւ այս առիթով ունեցան դաստիարակչական յատուկ պահ մը:
Հանդիպման, որուն ներկայ եղան նաեւ Հոգեւոր հայրեր, արծարծուեցան հոգեւոր եւ դաստիարակչական հարցեր: Աւարտին, յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, խօսք առաւ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ գնահատեց ներկաները՝ հոգեւոր սնունդ մատակարարող այս համախմբումին իրենց բերած մասնակցութեան համար: