Skip to main content
search
Uncategorized

Սուրբ Ծնունդ – 2023 «Տօնական Այս Պատարագը Նոր Յիսնամեակի Սրբազան Կոչնակ», Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը

By April 30, 2023May 1st, 2024No Comments

Հակառակ բազում տագնապներով լեցուն ներկայ ժամանակաշրջանին, Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը հազիւ նշմարելի ժպիտ մը կը նետէ բոլորիս դէմքին վրայ: Ցաւ ի սիրտ, երբ բովանդակ աշխարհը եւ յատկապէս հայ կեանքը՝ Հայոց տունէն սկսեալ մինչեւ գաղութներ, թէեւ ոչ այդքան բարեբեր վիճակի մէջ են, մանաւանդ որ Արցախի կացութիւնը ահաւոր կը ցնցէ մեր կեանքը, այսուհանդերձ, Ծննդեան խորհուրդին ծնրադիր, յուսոյ ու լուսոյ աչքերով մեր նայուածքը երկրէն երկինք կը բարձրացնենք եւ սիրելով կը հաւատանք, որ Միածինի ծննդեան տօնախմբութիւնը նոր կեանքի ու նոր հանգրուանի պայծառ սկիզբի մը օրհնառատ ազդանշանն է:

Այս ծիրէն ներս, եւս առաւել՝ գօտեպնդիչ Ս. Ծննդեան Պատարագը, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան հանդիսաւոր կերպով մատուցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որովհետեւ, Յիսուս Քրիստոսի յաղթական Ծնունդին առընթեր, Թեմը այս Ս. Պատարագով նաեւ նշեց իր առաքելական գործունէութեան, այլեւ ազգային ու եկեղեցական կեանքէն ներս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ ներքոյ բազմամակարդակ ծառայութեան սկզբնաւորութեան ու հինգ տասնամեակներու վրայ արիաբար ծաւալման յիսնամեայ յոբելեանը:

Այս առիթով, ամէն բանէ առաջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը երկրէն երկինք ձգեց գոհաբանական եւ փառաբանական ափ մը աղօթք, ապա ջերմ յարգանքով ու ակնածանքով, յանուն Արեւմտեան Թեմի օրէնսդիր ու գործադիր զոյգ իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ ծխական բոլոր համայնքներուն, ազգային բոլոր վարժարաններուն ու կառոյցներուն ողջունեց Վեհափառ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետը, Նորին Սրբութեան մաղթելով արեւշատ բազում տարիներ: Այնուհետեւ, Թորգոմ Եպիսկոպոս ողջունեց ամբողջ ժողովուրդը, ապա բոլորին մաղթեց Աստուծոյ օրհնութեան ներքեւ եղբայրաբար աճելու եւ իրարու միջեւ սէրը շատցնելու կամք ու զօրութիւն՝ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին նուիրուած Պատարագը կոչելով՝ Արեւմտեան Թեմի կէսդարեայ գործունէութեան մէջ բացուող նոր յիսնամեակի «Սրբազան կոչնակ», ապա փոխանցեց Ս. Ծննդեան իր սրտառուչ պատգամը:

Եկեղեցական արարողութեան ընթացքին, Սուրբ սեղանին սպասարկեցին Միաբան հայրեր՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան՝ Հոգեւոր տեսուչ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի, Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան՝ Հոգեւոր տեսուչ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Քահանայ հայրեր եւ սարկաւագներ, որոնք այնքան ներդաշնակ եւ Խորհուրդին համահունչ, Առաջնորդ Սրբազանին գլխաւորութեամբ օրհնեալ պահ մը մատակարարեցին ներկաներուն եւ Տէրունական արքայութենէն նշոյլ մը ցօղեցին համայնքի կեանքին մէջ:

Սրբազան արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. Կեդր. Վարչութեան, Ազգ. Վարչութեան, Կրօնական Ժողովոյ անդամներ, Ազգ. երեսփոխաններ, Ազգ. ղեկավարներ եւ զանազան մարմիններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացելոց հոծ բազմութիւն մը:

Առաջնորդ Սրբազանին հետեւողութեամբ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան այս Սուրբ Պատարագը, իրօ՛ք որ եղաւ հաւատքի նորոգութեան եւ վերանորոգ հաւատարմութեամբ աշխատանքային նոր սկիզբի մը «Սրբազան կոչնակ»:

Յայտնենք, որ Ս. Ծննդեան տօնի ջրօրհնէքի կնքահայրութեան պաշտօնը Թեմի յիսնամեակին առիթով վստահուած էր շրջանի ազգային բարերարներէն եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեանի: Յոբելենական նոյն առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ իր կողմէ մակագրուած Նոր Կտակարանի 1000 օրինակ բաժնեց եկեղեցին լեցուցած հայորդիներուն:

Սրբազան արարողութիւնը եզրափակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի միահամուռ երգեցողութեամբ:

Close Menu

Categories