Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2022-ը իւրայատուկ օր մըն էր Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական շրջանին համար։ Ս. Թարգմանչաց Տօնին առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան հովուական այցելութիւն մը շնորհեց Օրէնճ Քաունթիի համայնքին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ անմահ Պատարագ մատոյց, փոխանցեց հոգեշունչ եւ հայատրոփ պատգամ, ապա եկեղեցւոյ վերանորոգուած Մկրտարանի օծում եւ նորօրհնեալ Ս. միւռոնով ջրօրհնէք կատարեց։ Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ եկեղեցւոյ նախկին հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերու մասնակցութեամբ։
Ծխական շրջանը ուրախութեան ու գոհունակութեան օր մը ապրեցաւ վայելելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնաբեր ներկայութիւնը։ Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Տիկինը, Սանթա Անա քաղաքի քաղաքապետ Տիար Վիսէնթէ Սարմիէնթօ եւ Տիկինը, շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, Ազգային երեսփոխաններ, Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգ. վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, աշակերտներ, որոնք հաւատացեալ հոծ բազմութեան հետ միատեղ եկած էին մասնակից ու հաղորդակից դառնալու օրուան մեսրոպաշունչ խորհուրդին։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ ողջունեց Օրէնճ Քաունթիի ծխական շրջանը եւ ներկայ պետական ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, ապա իր պատգամին ընդմէջէն ընդգծեց հայ գիրերու գիւտի ու Թարգմանիչ հայրերու անգնահատելի դերն ու արժէքը ազգի կեանքին մէջ՝ նշելով, որ Թարգմանչաց տօնը հայերուս համար ամէնէն սիրելի եւ փնտռելի տօներէն մէկն է, որովհետեւ կը գիտակցինք, որ ե՛ւ պատմականօրէն, ե՛ւ ներկայիս մեր գոյութեան ու ինքնութեան ամէնէն ամուր կռուաններն են մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, Հայ Եկեղեցին ու դպրոցը, յատկապէս երբ հեռու ենք Մայր հայրենիքէն: Թարգմանչաց սերունդը վստահեցաւ Աստուծոյ եւ իբրեւ առաջին գործ՝ նախաձեռնեց Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան: Այս տօնին խորհուրդին ընդմէջէն Ոսկեդար ստեղծող մեր յաղթականները այսօր մեզ կը հրաւիրեն մեր կեանքն ու ազգային ինքնութիւնը վստահելու միայն Աստուծոյ եւ գործել Անոր փառքին համար, որպէսզի իբրեւ ազգ, հայրենիք, եկեղեցի ու մշակոյթ կարենանք անխափան շարունակել մեր երթը դէպի յաւերժութիւն:
Ս. Պատարագէն ետք, ներկաները ուղղուեցան Հայ կեդրոնի Ղազարեան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, որուն ընթացքին Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին հայ մշակոյթի ամսուան նուիրուած գեղարուեստական յայտագիր, իսկ սրտի խօսքերով հանդէս եկան հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ Տիար Կարպիս Գարամարտեան, տեղւոյն վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Անի Շահինեան-Սարգիսեան, Հ.Յ.Դ. Արմէն Գարօ Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Կարօ Մատէնլեան, Օրէնճ Քաունթիի Հայ Դատի անդամ Դոկտ. Գէորգ Ապազաճեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց նաեւ Օրէնճ Քաունթիի հայութեան զօրակցութիւնը քաղաքապետ Սարմիէնթոյի գործունէութեան: Վերջինս, իր կարգին, շնորհակալական ու երախտագիտական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ներկաներուն, ապա հաստատեց հայանպաստ իր վերաբերումը համայնքի հոգեւոր, ազգային, կրթական, մարզական, մշակութային ու մարդասիրական ծրագիրներուն: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը երախտագէտ զգացումներով ողջունեց պարոն քաղաքապետին ներկայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր: