Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնի Նշում – Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանդիսապետեց, Քարոզեց Եւ Մատաղօրհնէք Կատարեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ, Հոգեւոր Տաճարի Օծման 62-Րդ Տարեդարձին Առիթով

By October 17, 2025No Comments

Կիրակի, 12 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Սրբոց Թարգմանչաց ամէնամեայ տօնը նշեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, որուն օծման 62-րդ տարին ամբողջացաւ օրեր առաջ:

Ս. խորանին սպասարկեցին Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ համայնքի հաւատացեալ զաւակները ներկայ եղան արարողութեան եւ հաղորդ դարձաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հոգեպարար պատգամին, որ Սրբոց Թարգմանչաց տօնի նշումը կատարեց՝ անդրադառնալով Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետի կողմէ իրագործուած հայոց գիրերու գիւտին եւ անոր հետեւած ազգային-եկեղեցական այն ոգեշնչող շարժումին, որով գիւտարարն ու իր աշակերտները մղուեցան 5րդ դարու Հայաստանի տարածքին հայ դպրութիւն, գիր ու գրականութիւն հաստատելու գործին՝ առաջին հերթին Աստուածաշունչը թարգմանելով հայերէն լեզուի, որպէսզի Հայ Եկեղեցին զԱստուած փառաբանէ հայոց ազգային լեզուով, եւ Աստուած իր հայ զաւակներուն խօսի հայերէնով:

Լուսաբանելով 405 լուսաւոր թուականի շրջադարձային կարեւորութիւնը հայ ազգի պատմաքաղաքական եւ մշակութային կեանքէն ներս, Գեղամ Արք. հաստատեց, որ հայերէն գիրերը ստեղծելով, Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր հետեւորդները հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը պաշտպանեցին ընդդէմ մեծ տէրութիւններու վարած հակահայ քաղաքականութեան՝ հին դարերու Ասորեստանի, Պարսկաստանի, Յուսաստանի թէ Բիւզանդական կայսրութեան, որոնք ամէն գնով ուզեցին տիրել Հայաստան աշխարհի եւ իրենց մէջ ձուլել հայ ազգը:

Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր շինիչ խօսքին մէջ նաեւ վերահաստատեց, որ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ իր յաջորդներուն վարած ազգային քաղաքականութեան շնորհիւ, բանաւոր ու գրաւոր հայերէն լեզուն մինչեւ օրս կը ծառայէ հայկական ինքնութեան պահպանման եւ հայ ազգի տեսակի պաշտպանութեան եւ թէ բոլոր դարերուն ալ մեր ժողովուրդը դիմագրաւած է ձուլման ու այլասերման վտանգ, սակայն շնորհիւ Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտին, մենք ազգովին յաջողած ենք գոյատեւել եւ հասնիլ մինչեւ ներկայ ժամանակներ:

Ծանրանալով Ոսկեդարու պատմաքաղաքական եւ ազգային անցուդարձերուն վրայ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վերագնահատեց այդ օրերու թագաւոր՝ Վռամշապուհ Արքայի, Ս. Սահակ Կաթողիկոսի եւ Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետի կողմէ ի գործ դրուած ճիգն ու եռանդը՝ նշելով, որ իմաստուն ու հեռատես այս եռեակին աշխատանքը, յոգնութիւնն ու վատնած միջոցները ճիշդ ժամանակին տուին իրենց փայլուն արդիւնքը եւ իրականութիւն դարձուցին միացեալ տեսիլքը, որ յանգեցաւ հայոց աշխարհի ու ժողովուրդի հոգեւոր լուսաւորման ու իմացական փայլատակումին, հայոց գիրերու գիւտին:

Շեշտելով, որ հայերէն գիրերը ահա՛ 5-րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը կը ջերմացնեն մեր հոգիները, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վստահեցուց, որ մեր գիրերն ու լեզուն ունի՛ն ուժը նաեւ հայոց ապագան անխաթար պահելու, այնքան ատեն, որ ազգովին կը շարունակենք տէր կանգնիլ մեր մայրենի լեզուին, մեր ոսկեղնիկը անաղարտ կը պահենք գիտակից վերաբերումով մը, աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ անդադար կը գործածենք մեր ազգային մեծագոյն հարստութիւնը, այսինքն՝ կը մտածենք, կը խօսինք, կը գրենք, կը կարդանք հայերէն:

Յընթացս արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ օրհնեց եկեղեցւոյ 62-րդ տարեդարձին առիթով պատրաստուած մատաղը, այս առիթով շնորհաւորեց համայնքի զաւակներն ու եկեղեցւոյ ընտանիքն ու ներկաները, ապա սեղանակից եղաւ եկեղեցւոյ տարեդարձին առիթով պատրատուած Սիրոյ սեղանին եւ իր հայրական օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները բաշխեց բոլորին:

Close Menu

Categories