Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Սրբոց Ղեւոնդեանց Տօնը Ֆրեզնոյի Մէջ – Հանդիսաւոր Ս. Եւ Անմահ Պատարագ Եւ Գաւազանի Տուչութիւն

By February 25, 2022June 5th, 2024No Comments

Երեքշաբթի, 22 Փետրուար 2022-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ հաւատքի վերանորոգման Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին առիթով մատուցեց հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ, մասնակցութեամբ Թեմի Հոգեւորականաց դասուն, ներկայութեամբ Ֆրեզնոյի հաւատացեալ ժողովուրդին: Արարողութեան ընթացքին ներկաները աստուածային օրհնութիւններ ճաշակեցին եւ հաղորդ դարձան Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայի տօնի այն խորհուրդին, որ 451 թուականին հայ ժողովուրդը առաջնորդեց Վարդանանց յաղթական տօնախմբութեան:

Արդարեւ, Ֆրեզնոյի հայութեան կեանքին մէջ եզակի պատեհութիւն մը հանդիսացաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնը, յատկապէս երբ յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Վարդապետական գաւազան կրելու իրաւունք շնորհեց Աթոռոյ Միաբանութեան անդամ եւ Եկեղեցւոյ հովիւ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեանի: Տուչութեան արարողութեան խարտավիլակի պաշտօնը կատարեց Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Սրբազան Հօր կողքին աղօթակից էին Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան եւ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, մինչ Քահանայից դասը շարականի երգեցողութիւններով մասնակցեցաւ արարողութեան, ղեկավարութեամբ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի:

Գաւազանի Տուչութիւնը հոգեւոր խանդավառութեամբ լեցուց ոչ միայն Հայր Աշոտը, ներկայ հոգեւորականներն ու հաւատացեալները, այլեւ Ֆրեզնոյի հայութեան կեանքը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ անդրադառնալէ ետք Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնի խորհուրդին, հրաւիրեց հոգեւոր հայրերը ծառայութեան ճամբով իրենք զիրենք գերազանցելու, տաճարին ու ժողովուրդին կատարուելիք հոգեւոր ու ազգային ծառայութիւնները կամեցողութեան բարձրագոյն գիտակցութեամբ դրսեւորելու, ապա Գաւազանի տուչութեան արարողութեան ակնարկելով, ան Թեմի Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան անունով շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետը, Միաբանութիւնը եւ մասնաւորաբար Աշոտ Վարդապետը եւ յոյս յայտնեց, որ վասն անսասանութեան Հայ Եկեղեցոյ եւ պայծառութեան Արեւմտեան Թեմի, Հայր Սուրբը կը շարունակէ իր ամբողջանուէր ծառայութիւնը բերել Ֆրեզնոյի հայոց կեանքին:

Յայտնենք, որ Աշոտ Աբեղայ իր վարդապետական աւարտաճառին համար նիւթ ընտրած էր Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Փայասլեանի եւ Արտակ Արք. Մանուկեանի նամակագրութիւնը եւ այս ծիրէն ներս կատարած վերլուծական աշխատանք:

Յետ արարողութեան, եկեղեցւոյ վերանորոգուած սրահէն ներս տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն ի պատիւ Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեանի, ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հոգեւորականաց դասուն, Ազգային վարչութեան ներակայացուցիչ եւ Հ.Հ. Պատուոյ հիւպատոս Տիար Պերճ Աբգարեանի, Հոգաբարձութեան կազմին, Ազգային երեսփոխաններուն, Տիկնանց Միութեան, յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալներու:

Close Menu

Categories