Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Սրբոց Վարդանանց Տօնին Առիթով՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի 8-Րդ Կարգի Աշակերտները

By March 6, 2026No Comments

Հինգշաբթի, 26 Փետրուար 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահին մէջ ընդունեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի 8-րդ կարգի մօտաւորապէս 80 աշակերտներ, գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Սօսի Շանլեանի, ընկերակցութեամբ դաստիարակ-ուսուցիչներու եւ պատասխանատուներու:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր հանդիսապետութեամբ, աշակերտները խումբ առ խումբ Վարդանանց յիշատակը ոգեկոչեցին՝ ներկայացնելով գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ կը բաղկանար Ս. Վարդան Մամիկոնեանի եւ իր զինակիցներուն նուիրուած խմբական ասմունքներէ, երգերէ ու հայկական աւանդական պարէ՝ ստեղծելով ազգային տօնական մթնոլորտ:

Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի մեծ ընտանիքին անունով սրտի խօսք արտասանեց Տիկին Շանլեան եւ տօնին առիթով շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, որ այս տարի եւս, ըստ աւանդութեան, Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ կ՛ընդունի 8-րդ կարգի աշակերտական նոր խումբեր:

451-ին, հայ ազգի կտրիճ զաւակներուն կողմէ պարսկական զօրքերու դէմ մղուած «վասն Յիսուսի, վասն հայրենեաց» պատերազմը բացատրելով՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աշակերտներուն ներկայացուց հայ ազգային ինքնութեան ու նկարագիրի յատկանշական կողմերը, ապա անդրադարձաւ հայկական խաչի կարեւորութեան՝ իբրեւ Հայ Եկեղեցւոյ քրիստոնէական հաւատքի խորհրդանիշ:

Գնահատելէ ետք Ազգ. Ֆերահեան վարժարանը ներկայացնող այցելուները, Գեղամ Արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան ու ընկերակից դաստիարակներուն, այլեւ հայրական թելադրանքներ ուղղեց աշակերտներուն, որպէսզի երբեք չմոռնան իրենց ինքնութիւնը, հաւատքը, եկեղեցին ու ազգային արժէքներ եւ անոնց նուիրեց բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ես գիրք եմ հայերէն» հատորէն մէկական օրինակ, ինչպէս նաեւ վիզի հայկական խաչեր:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աշակերտները առաջնորդեց դէպի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռ, որուն պատերուն վրայ տեղադրուած գեղարուեստական երեք նկարները կը պատմեն Քրիստոնեայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկարագիրը ցոլացնող հիմնական երեք իրադարձութեանց մասին. 301՝ քրիստոնէութեան պաշտօնական ընդունում, 405՝ հայոց գիրերու գիւտ եւ 451՝ հաւատքի ու հայրենիքի պաշտպանութեան պատերազմ:

Խօսելով երեք նկարներուն մասին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս անդրադարձաւ Վարդաններու հերոսական նահատակութեան եւ նշեց, որ քրիստոնէական կրօնքի, հաւատքի, հայրենիքի ու մշակոյթի պահպանման համար մղուած Վարդանանց պատերազմը հիմնաքարը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ պատմութեան ընթացքին մղած ազգանաշունչ բոլոր պատերազմներուն, ապա իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին:

Close Menu

Categories