Skip to main content
search
Uncategorized

«Սփիւռքի Տարուան» Նուիրուած Համերգ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

By December 10, 2022June 10th, 2024No Comments

Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիւռքի Տարուան» նուիրուած համերգ, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի եւ Հոգաբարձական կազմին, կատարողութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, մասնակցութեամբ խումբ մը փոքրիկներու եւ երաժիշտներու, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանի:

Համերգին ներկայ էին եկեղեցւոյ Հոգաբարձական կազմը, Ազգ. վարչութեան անդամ եւ Ազգ. երեսփոխան Տիար Սարգիս Թաթիկեան, եկեղեցւոյ բարերար Կիտցինեան ընտանիքի անդամներ, նուիրեալներ, ծնողներ, հարազատներ եւ հիւրեր:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ եկեղեցին բերնէ-բերան լեցուցած ժողովուրդին բարի գալուստ մաղթեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, ապա Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի «Սփիւռքի Տարուան» հռչակագիրէն կատարեց ընթերցում՝ նշելով, որ Ս. Սարգիս եկեղեցին բարի մտածումը ունեցած է իր ուժերով կազմակերպելու «Սփիւռքի Տարուան» նուիրուած համերգ, մանաւանդ որ երկրորդ տարին ըլլալով՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս 2023 տարեշրջանը կը նուիրէ Սփիւռքի գաղութներու վերակազմակերպման խիստ անհրաժեշտ գործին:

Եկեղեցւոյ դասին մէջ խմբուած 22 դպիր-դպրուհիները համերգը բացին Մակար Եկմալեանի «Ո՜վ Հայոց Աշխարհ» երգով (աքապելլա), որմէ ետք լարային, փողային եւ հարուածին գործիքներով խումբին միացան երիտասարդ նուագողներ (Գոգոր Օհանեան, Կարին Մելքոնեան, Սթիւըն եւ Քրիս Այնթապլեաններ), դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Մարիա Քէշիշեանի եւ Հիլտա Մնակեանի, հարուածային գործիքի վրայ՝ Արթուր Քէշիշեանի:

Այնուհետեւ ասմունքային խօսքերով, մեներգ-զուգերգներով եւ երգչախմբային երգեցողութեամբ դպրաց դասը մեկնաբանեց Մեսրոպ Մաշտոցի, հայոց տառերու, հայկական եկեղեցւոյ եւ հայ արագիլին նուիրուած դասական ու ժողովրդային երգեր, ապա հնչեցուց Կոմիտասի «Տէր Ողորմեա»ն, Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» ասմունք-երգը, Ուիլեըմ Սարոյիանի հանրածանօթ խօսքերով՝ “I should like to see” անգլերէն երգը, Բարսեղ Կանաչեանի «Հայրենի կարօտ» զուգերգը: «Բամբ որոտանէն» ետք ներկաներուն խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ դպրաց դասին միացան շնորհալի փոքրիկներ, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ ու ներշնչանքով երգեցին «Հայ ենք մենք»ն ու «Կենաց երգը»: Համերգը նոյն թափով շարունակուեցաւ փոքրերուն հեռանալէն ետք եւս: Ժողովրդային սիրուած երգեր յաջորդեցին իրարու՝ «Նուպար, Նուպար», Կռունկ, բարով դառնաս», Ազգ փառապանծ», «հայորդիք» ե լսելի դարձան Երուանդ Սրկ.ի գրած՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովուական Ա. տարուան նուիրուած խմբերգն ու Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նուիրուած «Ձօն»ը (Շահանդուխտի բառերով, Թորգոմ Եպիսկոպոսի յօրինումով եւ Վ. Էմմիեանի մշակումով):

Համերգի վերջին խմբերգը եղաւ Շարլ Ազնաւուրի «Քեզ համար, Հայաստան»ը: Որոտընդոստ ծափերէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը իր խանդավառութիւնն ու գանահատանքը ուղղեց ե՛ւ եկեղեցւոյ հոգեւոր ու վարչական կեանքի կազմակերպումը ստանձնած Հովիւին, հոգաբարձութեան, կամաւոր ու նուիրեալ աշխատողներուն, ե՛ւ դպրաց դասի իւրաքանչիւր անդամին ու երաժիշտներուն, խմբավար Երուանդ Սրկ.ին, բոլոր փոքրիկներուն ու ծնողներուն, կարեւորութեամբ շեշտելով համայնքային կեանքի աշխուժացման մէջ բոլոր բաղադրիչներուն բերած նպաստն ու նման համերգներու շարունակականութեան անհրաժեշտութիւնը:

Համերգային ջերմ ու զուարթ մթնոլորտով յագեցած երեկոն փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի խմբային երգեցողութեամբ եւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով:

Close Menu

Categories