Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Խաղողօրհնէք Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

By August 12, 2020June 3rd, 2024No Comments

Կիրակի, 16 Օգոստոս 2020-ը, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնն է, որ նաեւ անուանակոչութեան օրն է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։

Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ մատաղօրհնէք ու խաղողօրհնէք պիտի կատարէ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ խաղողօրհնէք պիտի կատարէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։

Ինչպէս տեղեակ էք, Քալիֆորնիոյ Նահանգապետի հրահանգով, վերջին քանի մը շաբաթներուն եկեղեցական արարողութիւնները կրկին անգամ դռնփակ կը կատարուին, առանց հաւատացեալներու ներկայութեան, կասեցնելու համար «Քորոնա» ժահրի տարածումը։ Սակայն նկատի առնելով Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւար տօնի կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար, մեր Թեմի կարգ մը եկեղեցիներ Ս. Պատարագ եւ կամ խաղողօրհնէք պիտի կատարեն բացօդեայ, յարգելով ընկերային հեռաւորութեան օրէնքները, առիթ տալով մեր հաւատացեալներուն սահմանափակ թիւով մասնակցելու արարողութեանց։

Մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել ծխական եկեղեցիներու գրասենեակ։

Close Menu

Categories