Ուրբաթ, 24 Սեպտեմբեր 2021, երեկոյեան ժամը 7-ին Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Նորթ Հոլիվուտի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ կատարեց Ս. եւ անմահ Պատարագ եւ այս առիթով պատրաստուած մատաղը օրհնեց, իր կողքին ունենալով Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց դասը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յաւուր պատշաճի իր քարոզը սկսաւ՝ «Տէ՜ր, եթէ զշրթունս իմ բանաս, բերան իմ երգեսցէ զօրհնութիւնս քո» աղօթքով եւ նշեց, որ Աստուած այս օրհնեալ պահուն մեզ համախմբեց այս սուրբ վայրին մէջ եւ պատիւն ու ուրախութիւնը շնորհեց մեզի՝ մասնակից դառնալու Ս. Պատարագի խորհուրդին: Անդրադառնալով գրաբառով արտասանած խօսքին, ան ըսաւ, որ երբ մենք մեր շրթները կը բանանք, մեր բերաններէն պէտք է որ օրհնութեան խօսքեր դուրս գան եւ մեր խօսքերուն ընդմէջէն զԱստուած փառաբանուի ու մեծարուի:
«Թող հեռու ըլլան մեր շրթներէն անէծքն ու չարութիւնը, սուտն ու խաբէութիւնը, հայհոյանքն ու վիրաւորիչ խօսքերը, որովհետեւ կա՛մ պիտի օրհնենք, կա՛մ պիտի անիծենք, կ՛ըսէ Աստուածաշունչ մատեանը, որովհետեւ նոյն բերանը չի կրնար միաժամանակ ե՛ւ օրհնել, ե՛ւ անիծել», դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը, ապա բացատրեց օրուան խորհուրդն ու անդրադարձաւ Ս. Գէորգ Զօրավարի նահատակութեան՝ աւելցնելով, որ գլխատուելով նահատակուած Ս. Գէորգ Զօրավարը քրիստոնեայ էր եւ երբ դրուեցաւ երկու ճամբաներէն մէկը ընտրելու հրամայականին դիմաց՝ քրիստոնէական կրօնքի համար նահատակուիլ կամ կրօնադրուժ ըլլալ եւ ապրիլ, նախընտրեց ֆիզիքական մահը եւ քաջ ու անվախ՝ մինչեւ վերջ քալեց Քրիստոսի ճամբէն, ճիշդ Յիսուսի ըսածին պէս, թէ՝ մի՛ վախնաք այն մարդերէն, որոնք ձեր մարմինը միայն կը սպաննեն:
Սրտագին քարոզէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկայութիւնը Հոգեւորականաց դասուն, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի եւ փոխ ատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի ու անդամներու, շրջանի Ազգային երեսփոխաններու, հոգաբարձական կազմի, միութենականներու, նուիրեալներու եւ հաւատացեալ բոլոր քոյր-եղբայրներուն, ի սրտէ մաղթելով, որ իւրաքանչիւրին կեանքն ու առաքելութիւնը լեցուն ըլլան նոր յաջողութիւններով եւ թէ Աստուծոյ խաղաղութեան ծիածանը շուտով երեւնայ հայրենիքի եւ համայն հայութեան փոթորկալի կեանքին մէջ, որպէսզի մենք ազգովին գտնենք հոգեկան անդորր, որուն այնքան պէտք ունինք իբրեւ անհատ հայեր եւ ազգային հաւաքականութիւն, ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Հոգեպարար արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի միացեալ երգեցողութեամբ: