Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ս. Գէորգ Զօրավարի Տօնին Առիթով Եպիսկոպոսական Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Մէջ

By October 4, 2024No Comments

Շաբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, Նորթ Հոլիվուտի համայնքը ապրեցաւ յատկանշական խանդավառութիւն, երբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Թեմի տեղւոյն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցի, մատուցեց Ս. եւ անմահ Պատարագ, քարոզեց, մատաղի օրհնութիւն կատարեց եւ Ս. Գէորգ Զօրավարի տօնին առիթով օրհնեց ներկաները, շնորհաւորեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքն ու բոլոր Գէորգները եւ հայրական իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց իւրաքանչիւրին, միաժամանակ կոչ ընելով՝ միասնական ջանքերով աշխատանք տանիլ՝ համայնքային ներքին կեանքի առաւել աշխուժացման եւ բարգաւաճման ի նպաստ:

Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, սարկաւագներ ու դպիրներ, իսկ եկեղեցւոյ երգեցիկ խումբին հիւրաբար միացաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասը՝ ղեկավարութեամբ Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանի: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ ազնուափայլ Տիկինը՝ Յասմիկ, եկեղեցւոյ ընտանիքը եւ շրջանի հայութեան հաւատացեալ զաւակներէն բազմութիւն մը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզը կառուցեց հայկական շարականի մը հետեւեալ բառերը իբրեւ բնաբան վերցնելով. «Ո՜վ Սուրբ Գէորգ, մարդկային ցեղի պարծանք Սուրբ Հոգիի զէնքով զինուեցար, արիաբար յաղթեցիր անմարմին Բելիարին», դիտել տալով, որ սուրբերու փաղանգին մէջ կան նաեւ ձիաւոր սուրբեր, որոնք բարձրաստիճան զինուորականներ եղած են, մէկը անոնցմէ՝ Ս. Գէորգը, որ արդէն ունէր դիրք եւ կը վայելէր հարստութիւն ու փառք, բայց երբ ընդունեց քրիստոնէութիւնը եւ ճանչցաւ յաւիտենական արժէքը, ճշմարտութիւնն ու լոյսը, մտաւ Քրիստոսի ճամբուն մէջ եւ պայքարեցաւ չարին դէմ մինչեւ նահատակութիւն:

Շարունակելով, ան նաեւ դիտել տուաւ, որ քրիստոնեայ աշխարհը մինչեւ այսօր կը տօնէ Ս. Գէորգ Զօրավար սուրբին յիշատակը, որովհետեւ անոր կեանքը եղաւ սրբութեան օրինակ, ուր Աստուծոյ նկատմամբ խոնարհութիւն եւ համեստութիւն կայ, մարդկութեան նկատմամբ՝ սէր ու նուիրում եւ թէ սուրբերը իրենց կենցաղով եղան Աստուծոյ կամքը կատարողներ եւ իրենց հաւատքին մէջ յարատեւողներ, որոնք նաեւ շատ սիրուեցան մարդոցմէ: Այս է պատճառը, որ մարդիկ իրենց նախընտրած սուրբերը ունին, որոնց անունը կը կանչեն մա՛նաւանդ երբ իրենց կեանքին մէջ որեւէ տեսակի դժուարութեանց կամ մարտահրաւէրներու դիմաց կը կանգնին. այս սուրբերը նաեւ օգնութեան կարիք ունեցողներուն օժանդակող ընկերակիցներ են եւ մարդոց մէջ յարատեւ հաւատք ու անկոտրում կամք կը դարբնեն, աւելցուց Առաջնորդ Սրբազանը:

Քարոզի աւարտին, տեղի ունեցաւ Սիրոյ սեղան, ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր: Սրտի ու շնորհաւորական խօսքերու աւարտին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս եկեղեցւոյ ընտանիքին կողմէ նուէր ստացաւ Պանակէ մը:

Յայտնենք նաեւ, որ Ս. Պատարագէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տեսակցութիւն ունեցաւ եկեղեցի այցելած գաղդէացի (քլտանի) Էմմանուէլ Եպիսկոպոսի հետ:

Close Menu

Categories