Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ս. Զատկուան Տօնի Նախօրէին Ազգ. Լ. Եւ Յ. Թաւլեան Մանկամսուրի Աշակերտները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

By April 8, 2022June 4th, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 7 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան, Ազգ. Առաջնորդարան այցելեց Փասատինայի մէջ գործող Լ. եւ Յ. Ազգ. Թաւլեան Մանկամսուր-մանկապարտէզի փոքրիկ աշակերտներէն խումբ մը, ընկերակցութեամբ տնօրէնուհի Կարին Ջուխատարեանի ու դաստիարակներու, եւ սիրալիր ընդունելութեան արժանացան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի կողմէ:

Թիւով 13 մանուկները Ս. Զատկուան տօնին առիթով մեծ խանդավառութեամբ աղօթեցին, երգեցին ու արտասանեցին եւ Ազգ. Առաջնորդարանը լեցուցին նոր կեանքի հոգեգրաւ թրթիռներով: Դաշնամուրի վրայ անոնց կ՛ընկերակցէր երաժշտութեան ուսուցչուհի Մարիա Քէշիշեան:

Այս առիթով, Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց հայ փոքրիկներու մատուցած եկեղեցական եւ ազգային գոհարները, ապա անոնց նուիրեց փայտեայ խաչէ վզնոցներ, առ ի պաշտպանութիւն ընդդէմ չարին ու փորձանքին:

Close Menu

Categories