Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Ջրօրհնէք Կլենտէյլի «Memorial» Հիւանդանոցին Մէջ

By January 3, 2020June 17th, 2024No Comments

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Ուրբաթ, 3 Յունուար 2020-ին, Կլենտէյլի «Memorial» հիւանդանոցին մէջ տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն՝ նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան, Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան, Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան, Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան եւ Րաֆֆի Սրկ. Քէշիշեան։

Ներկայ էին հիւանդանոցի նախագահ Տիկին Ճիլ Ուելթըն, հաստատութեան պատասխանատուներէն Տիկին Մէրի Ֆիլիփեան, հոգեւոր խորհրդատու Քէսի Մըքարթի եւ անձնակազմի անդամներ, Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանի անդամ Լորա Ֆրիտմըն, Կլենտէյլի քաղաքապետ Տիար Արա Նաճարեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ոստիկանապետ Քարլ Փովիլայթիս եւ ոստիկանապետութեան անդամներ, հրշէջներու բաժանմունքի պետ Սիլվիօ Լանզաս եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ։

Տիկին Ուելթըն ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանին ու հոգեւորականներու ներկայութիւնը, նոր տարուան առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանցեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց այս գեղեցիկ աւանդոյթը պահելու համար։

Տիկին Ֆրիտմըն նոյնպէս բարեմաղթանքներ փոխանցեց, գնահատեց հաստատութեան պատասխանատուներն ու պաշտօնէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու հոգեւոր հայրերուն։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ նախ բոլորին Նոր Տարին շնորհաւորելով եւ մաղթեց խաղաղութեամբ, ուրախութեամբ, բարութեամբ եւ յաջողութեամբ լի տարի մը։ Ան բացատրեց ջրօրհնէքի իմաստն ու ընթացակարգը, ինչպէս նաեւ արարողութեան ընթացքին գործածուող Ս. Միւռոնի պատմութիւնը, եւ աղօթք բարձրացուց որ բոլոր անոնք, որոնք հաւատքով օրհնուած ջուրը կը խմեն՝ մարմնական եւ հոգեկան բուժում ստանան։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ Ս. Ծննդեան սիրոյ պատգամին մասին, նշելով, որ Աստուած մարդկութեան հանդէպ Իր անսահման սէրէն մղուած, Իր Միածին Որդին ղրկեց՝ բոլորիս մեղքերու թողութիւն, լոյս, բժշկութիւն, ողորմութիւն եւ փրկութիւն բերելու։ Իսկ մենք, որպէս Աստուծոյ զաւակները, Իր պատկերին համաձայն ստեղծուած, կոչուած ենք Իր սէրն ու ողորմութիւնը բաժնեկցելու մեր նմաններուն հետ։ Այս առթիւ, ան գնահատեց հիւանդանոցի մեծ ընտանիքը՝ հիւանդներուն ցուցաբերած իրենց սիրառատ խնամքին եւ գուրգուրանքին համար եւ մաղթեց, որ Ս. Ծննդեան սիրոյ, խաղաղութեան եւ հաճութեան ոգին ամբողջ տարուան ընթացքին մեր սիրտերուն մէջ մնայուն կերպով գերիշխէ։

Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Խաչի կնքահայրն էր Կլենտէյլի ոստիկանապետը։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանն ու քահանայ հայրերը առաջնորդուեցան հիւանդանոցի սենեակներու բաժինը, ուր Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց երկու նորածին մանուկներ։

Close Menu

Categories