Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնին Առիթով Յատուկ Արարողութիւն եւ Հոգեւորականաց Համագումար

By February 19, 2020June 17th, 2024No Comments

Երեքշաբթի, 18 Փետրուար 2020-ին, Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցին նշեց Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը, որ նաեւ հայ հոգեւորականաց տօնն է։ Այս առիթով, Գիշերային եւ Առաւօտեան հանդիսաւոր Ժամերգութիւններ կատարուեցան Նորթ Հոլիուտի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ յարկին տակ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն։ Ժամերգութեան ներկայ էին նաեւ ծխական համայնքի հաւատացեալներ։

Արարողութեան ընթացքին, «Քրիստոս Աստուած մեր» բարեխօսական մաղթանքի ընդմէջէն յիշուեցան նահատակուած հոգեւորականներու անունները:

Ժամերգութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց հոգեւոր խորհրդածութիւն։ Ան նշեց, որ այս տօնը ծառայութեան եւ մեր կոչումին վերանորոգութեան տօնն է, ու յորդորեց հաւատացեալները մեր հոգեւոր դասուն աղօթելու համար, որպէսզի անխախտ հաւատքով, Քրիստոսի սիրով լի եւ հոգեւոր կոչման հաւատարիմ ծառայութիւն բերեն ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն մեր ազգին։ Ան անդրադարձաւ Վարդանանց պատերազմի նախօրեակին մատուցուած Ս. Պատարագին, որուն ընթացքին բազմաթիւ զինուորներ մկրտուեցան, ինչպէս Եղիշէ եւ Ղազար Փարպեցի պատմիչները կը վկայէն։ Խօսելով Ղեւոնդ Երէցի պատմական քարոզին վրայ, ան նշեց, որ Ղեւոնդ երէց ո՛չ միայն խթանեց զինուորները յանուն ազգութեան պատերազմելու, այլեւ մանաւանդ կարեւորեց Քրիստոսի միանալու եւ Անոր սիրով աճելու անհրաժեշտութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ նահատակութիւնը զիրենք անմահացուց եւ յաւիտենութեան ժառանգորդ դարձուց, իսկ երբ կը գիտակցինք անոնց զոհողութեան անսահման գինին, հաղորդակից կը դառնանք իրենց զոհողութեան, մենք եւս ճանապարհորդակից կ’ըլլանք յաւիտենական կեանքին։ «Ղեւոնդ Երէց հոգիով լուսաւորեալ էր եւ իր խոհական խորհուրդներով բոլոր զինք մտիկ ընողները լեցուց իր բարի խրատներով, որոնք զանոնք առաջնորդեցին նահատակութեան ի սէր Քրիստոսի։ Սէրը ամէնէն ուժեղ առաքինութիւնն է, երբ մանաւանդ այդ սէրը հաւատքով եւ յոյսով հարստացած է։ Հետեւաբար, իբրեւ նուիրեալ քրիստոնեաներ, մենք նոյնպէս պէտք է զՔրիստոս դարձնենք մեր կեանքի կենդրոնը, ամէնօրեայ հաղորդութեան եւ յարաբերութեան մէջ ըլլանք մեր Փրկչին հետ, որովհետեւ մենք կոչում, ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած ենք ծառայելու Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ շնորհաւորեց հոգեւոր հայրերը իրենց տօնին առթիւ։

Ժամերգութենէն ետք, եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցաւ տօնին նուիրուած հոգեւորականաց միօրեայ համագումարը։ Համագումարը սկիզբ առաւ աղօթքով, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց հոգեւորականներուն ու մաղթեց արդիւնաբեր համագումար մը։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց հոգեւոր ընթերցանութեան ու խորհրդածութեան կարեւորութիւնը հայ հոգեւորականի ամէնօրեայ կեանքէն ներս։

Կատարուեցաւ դիւանի ընտրութիւն. ատենապետ ընտրուեցաւ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, իսկ ատենադպիր՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։

Ընթերցուեցաւ եւ քննարկուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին 2020 «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու» տարուան պատգամը եւ անոր շուրջ խորհրդածութիւն կատարուեցաւ։ Հայր Միւռոն հանգամանօրէն ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետի պատգամը եւ խորհրդածութիւններ կատարեց այս ուղղութեամբ։ Ապա իւրաքանչիւր հոգեւոր հայր իր մտածումները, ծրագիրները եւ փորձառութիւնները կիսուեցաւ այս շատ կարեւոր պատգամին ու անոր գործադրութեան շուրջ։ Առաջնորդ Սրբազանը իր հերթին թելադրութիւններ կատարեց այս ուղղութեամբ եւ ներկայացուց կարգ մը թեմական ծրագիրներ, որոնք ի գործ պիտի դրուին այս տարուան ընթացքին՝ գործնականացնելու համար Վեհափառ Հայրապետի պատգամը, ինչպէս նաեւ հովիւներուն կոչ ուղղեց իրենց ծուխերուն մէջ այցելել խնամքի կարօտ հայորդիներուն, աղօթելու ու մխիթարելու զանոնք։

Խորհրդածութենէն ետք տեղի ունեցաւ զրոյց մը «The Intellectual & Developmental Disabilities System» նիւթով։ Դասախօս Տիար Ճէք Տարաքճեան ներկայացուց այն աշխատանքներն ու ծառայութիւնները, որոնք կը մատուցեն Լոս Անճելըսի յատուկ խնամքի կարօտ անձանց։ Հակիրճ տողերու մէջ խօսեցաւ, թէ ինչպիսի՛ յատուկ աշխատանք կը տարուի մտային ու թերաճ անձերու համար, թէ ինչպիսի՛ մարտահարաւէրներու կը հանդիպին իրենց առաքելութեան ընթացքին, իսկ հայ յատուկ խնամքի հայ ընտանիքներ այսօր ինչպիսի՛ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուին։ Շահեկան դասախօսութիւն մը ըլլալով, հոգեւորականները ներկայացուցին իրենց հարցերը ու ստացան սպառիչ պատասխաններ

Այնուհետեւ, Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Իրաւաբան Լինա Դաւիթեան եւ գործավար Տիար Արսէն Շիրվանեան զեկուցեցին 2020 մարդահամարի աշխատանքներու մասին։ Անոնք ներկայացուցին մարդահամարին մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը՝ ամերիկահայ գաղութի ճշգրիտ թիւը արձանագրելու համար եւ այս գծով Հայ Դատի յանձնախումբին կատարած աշխատանքը, որպէսզի միասնաբար լայնածաւալ մասնակցութիւն բերենք ու աջակցինք, մարդահամարի հարցարանին վրայ հայ անունը արձանագրելով։

Ապա, տեղի ունեցաւ խորհրդածութիւն՝ «Ձգտում դէպի կատարելութիւն» նիւթով, Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի կողմէ։ Տէր Հայրը իր խորհրդածութեան նիւթին իբրեւ բնաբան ընտրած էր Մատթէոս Աւետարանի 5.48 համարը։ Ան անդրադարձաւ կատարելութեան զանազան հասկացողութիւններուն մասին, թէ ինչպէ՛ս հասկցուած ու մեկնաբանուած է տարբեր ժամանակներու ընթացքին։ Տէր Հայրը ընդգծեց, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ կատարելութեան գերագոյն օրինակը Աստուած Ի՛նքն է, իսկ կատարելութեան ճանապարհը կը սկսի ուրիշին օգնելու, կարիքաւորին հասնելու եւ ներողամիտ ըլլալու առաքինութիւններու ճամբով։

Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի նիստը, որուն ընթացքին զեկուցումներ տրուեցան հոգեւորականներու գործունէութեան մասին եւ խօսուեցաւ յառաջիկայ տօներու ու ձեռնարկներու մասին։ Կատարուեցաւ ընթացիկ հարցերու քննարկում։ Առաջնորդ Սրբազանը թելադրութիւններ կատարեց եւ որպէս համագումարի եզրափակում, հրաւիրեց հոգեւորականները ապրելու ու գործելու վերանորոգուած հաւատքով ու գիտակից առաքելութեամբ։

Համագումարը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով, «Աշակերտք Քրիստոս» շարականի ու «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ։

Close Menu

Categories