Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ս. Յարութեան Տօնը Արեւմտեան Թեմէն Ներս

By April 16, 2020June 18th, 2024No Comments

Կիրակի, 12 Ապրիլ 2020-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրչկին Յիսուս Քրիստոսի Հրափաշառ Ս. Յարութեան տօնը նշուեցաւ հոգեպարար արարողութիւններով։ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, այս տարի Աւագ Շաբթուան բոլոր արարողութիւնները տեղի ունեցան առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան։ Արարողութիւնները կատարուեցան Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականներու եւ ուղղակի սփռուեցան Ազգ. Առաջնորդարանի ու «Ասպարէզ» Օրաթերթի Դիմատետրի (Facebook) պաշտօնական էջերէն, ինչպէս նաեւ «Ամերիկայի Ձայն», «US Armenia» եւ «Horizon» հեռուստալիքներէն։ Նշենք, որ աւելի քան 100.000 հաւատացեալ հայորդիներ իրենց բնակարաններէն հետեւեցան Ս. Զատկուան արարողութեան։

Ս. Յարութեան Պատարագը մատուցանեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան իր քարոզին մէջ նշեց, որ այսօր եկեղեցին թէկուզ թափուր է «քորոնա» ժահրին պատճառով, բայց հաւաստիացուց, որ բոլորս ալ հաւատքով զրահուած, յոյսով զինուած եւ սիրով միացած ենք եւ իրարու հետ կը նշենք Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը։ Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ Քրիստոս թէեւ ծառայ չունէր, բայց Տէր կոչուեցաւ. համալսարանական վկայականներ չունէր, բայց ուսուցիչ կոչուեցաւ. զինուոր ու բանակ չունէր, բայց թագաւորներ սարսափեցան Իրմէ. պատերազմ եւ ճակատամարտ չմղեց, բայց յաղթե՛ց աշխարհին. գերեզման դրուեցաւ, թաղուեցաւ, բայց յարութիւն առաւ եւ ցայսօր մեզի հետ է։

«Կը գտնուինք դժուար պայմաններու մէջ եւ մեր բնականոն կեանքը պահ մը կանգնած է։ Ս. Յարութիւնը կու գայ մեզի անգամ մը եւս յիշեցնելու, որ մեր հաւատքը մշտապէս պէտք է առկայծ պահենք եւ յոյսով քաջալերուինք։ Պատմութիւնը ի՛նք կը վկայէ, որ մեր ժողովուրդը դիմագրաւած է բազմաթիւ փորձութիւններ, դժուարութիւններ եւ նեղութիւններ, որովհետեւ հաւատացած է Աստուծոյ Միածին Որդիին՝ Քրիստոսի։ Քրիստոս Իր աշակերտներուն ըսաւ. «Քաջալերուեցէ՛ք, Ես յաղթեցի աշխարհին»։ Մեր Տէրը այսօր մեզի նոյն քաջալերական խօ՛սքն է, որ կը փոխանցէ։ Այո՛, հակառակ անոր, որ մեր կեանքը փոխուեցաւ եւ ենթարկուեցաւ բարոյական, մտային, հոգեկան, ֆիզիքական ու ֆինանսանական ձախողութեանց եւ անկումներու, սակայն հաւատալով Քրիստոսի ու Անոր Ս. Յարութեան, պիտի յաղթահարենք այս բոլո՛ր նեղութիւնները, հիւանդութիւնները, տագնապները եւ մանաւանդ այս համաճարակը։ Ամէնուրեք յուսահատութիւն, անգործութիւն ու մտագոհութիւն կը տիրէ, բայց հաւատքը մեր առկայծ է, իսկ յոյսը կը խրախուսէ», ընդգծեց ան։

Առաջնորդ Սրբազանը իը աղօթքը վերառաքելով առ Բարձրեալն Աստուած, աղերսեց, որ Աստուած մեր հաւատքը, յոյսը եւ սէրը աւելցնէ ու բիւրապատկէ, մեր հայրապետներու աղօթքներու հետեւողութեամբ մեզ առաքինի գործերով զարդարէ, Իր պատուիրանապահութեամբ առաջնորդէ, ներէ մեր բոլոր մեղքերը եւ թողութիւն շնորհէ, Իր սիրոյ կրակը բորբոքէ մեր մէջ, իբրեւ բժիշկներու Բժիշկը օրհնէ եւ առողջութիւն պարգեւէ բոլոր վարակեալներուն…։

Աւագ Շաբաթ, 11 Ապրիլին, Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ, որու աւարտին տեղի ունեցաւ Ճրագալոյցի Ս. Յարութեան խորհուրդով լի մոմավառութեան արարողութիւնը եւ «Այսօր յարեաւ» շարականի երգեցողութեամբ, Ս. Յարութեան աւետիսը տրուեցաւ ժողովուրդին։ Պատարագեց եւ քարոզեց Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։ Նախքան Ս. Պատարագը, եկեղեցւոյ սարկաւագները ընթերցեցին «Դանիէլի մարգարէութեան» ընթերցուածը։ Առաջնորդական Փոխանորդը իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ Յարութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ լոյսին յաղթանակը խաւարին դէմ, բարիին յաղթանակը՝ չարին դէմ։ Ան նաեւ նշեց, որ այս կեանքին մէջ չկայ անձ մը, որ դժուարութեանց եւ նեղութեանց չէ հանդիպած եւ հրաւիրեց հաւատացեալները, Քրիստոսի յարութեան աւետիսով տոգորուած, այդ գողգոթայէն դուրս գալու՝ Քրիստոսի յարութեան լոյսը տեսնելու համար, բայց ո՛չ՝ այդ գողգոթայի ճանապարհը լքելու, որովհետեւ այդ ճամբա՛ն է, որ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի յոյսի ճանապարհ, կեանքի նոր արշալոյս եւ դէպի Յիսուս Քրիստոս։

Աւագ Ուրբաթ, 10 Ապրիլի երեկոյեան, կատարուեցաւ Քրիստոսի թաղման արարողութիւնը։ Օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ Մարդու Որդին մարդկային մեր մեղքերուն բեռը Իր վրայ առնելով՝ Իր արիւնը խաչին վրայ իբրեւ փրկագին վճարեց մեզմէ իւրաքանչիւրին համար։

Աւագ Հինգշաբթի, 9 Ապրիլի առաւօտեան, Վերջին Ընթրիքի Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ։ Պատարագիչն էր Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։ Փոխան քարոզի, Առաջնորդ Սրբազանը ընթերցեց Ս. Բարսեղ Հայրապետին Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին նուիրուած յորդորը։

Յետմիջօրէին, կատարուեցաւ Ոտնլուայի յիշատակութեան արարողութիւնը, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին։ Թէկուզ ներկաներու ոտքերու լուացումը տեղի չունեցաւ, բայց Առաջնորդ Սրբազանը խորհրդանշականօրէն օրհնուած ջուր սրսկեց թուով 12 հոգեւորականներու եւ սարկաւագներու վրայ։ Իր խօսքը ուղղելով առցանց հետեւող հաւատացեալներուն, Առաջնորդ Սրբազանը ամփոփ տողերու մէջ ներկայացուց Ոտնլուայի խորհուրդը եւ կոչ ուղղեց բոլոր ունկնդիրներուն հետեւելու Տիրոջ օրինակին, խոնարհութեամբ ապրելու, սէր տածելու մեր նմաններուն, առանց նախապայմանի ծառայելու բոլորին եւ օգնութեան ձեռք երկարելու կարիքաւորներուն՝ մանաւանդ համաճարակի այս դժուար օրերուն։

Իսկ երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Խաւարման Գիշերուան արարողութիւնը, որ յիշատակումն է Քրիստոսի չարչարանքներուն։ Հոգեւորականաց դասու անդամներ յաջորդաբար ընթերցեցին 7 աւետարանները, որոնք ամբողջութեամբ կը պատկերէին Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի վերջին հանգրուանը։ «Ո՞ւր ես մայր իմ» հոգեցունց շարականի երգեցողութենէն ետք, Առաջնորդական փոխանորդը փոխանցեց Խաւարման Գիշերուան խորհուրդը։ Ան մէջբերեց Քրիստոսէ բժշկութիւն աղերսող կոյրին, մարդկային ընկերութենէն հեռու նետուած բորոտին, անդամալոյծին եւ այլ հրաշապատում դրուագները եւ զանոնք կապեց մեզմէ իւրաքանչիւրին հետ։ Ան իր պատգամը աւարտեց՝ ըսելով. «Եկէ՛ք, երթանք, հասնի՛նք խաչին, տեսնենք Խաչեալը եւ խաչը հռչակենք որպէս փրկագործութեան միակ ճանապարհ»։

Արդարեւ, Աւագ Շաբթուան եւ Ս. Զատկուան արարողութիւնները մեր ժողովուրդի զաւակներու հոգիները վերանորոգեցին ջերմեռանդ հաւատքով եւ անոր խորհուրդով։

Close Menu

Categories