Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ս. Պատարագի Ուղիղ Սփռում Թեմիս Բոլոր Եկեղեցիներէն

By May 8, 2020June 3rd, 2024No Comments

Կիրակի, 10 Մայիս 2020-ը, Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող չորրորդ Կիրակին է, որ տօնն է Երեւման Սուրբ Խաչի։

Ուրախ ենք յայտնելու, որ առաւօտեան ժամը 11-ին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս Ս. Պատարագ պիտի մատուցանուի եւ ուղղակի պիտի սփռուի իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ դիմատետրի էջէն։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։

Արարողութիւնները պիտի շարունակուին կատարուիլ առանց հաւատացեալներու ներկայութեան, մինչեւ պետական սպասարկութիւններու կողմէ թելադրուած ուղղութիւնները վերացուին։

Close Menu

Categories