
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, խոր ցաւով կը գուժեն Թեմի վաստակաւոր երաժշտագէտ, հասարակական գործիչ ու Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ դպրաց դասի երկարամեայ խմբավար ՓրոՖ. Արա Մանաշի մահը, որ պատահեցաւ 23 Օգոստոս 2020-ին։
ՓրոՖ. Մանաշ երկար տարիներ մեծ բծախնդրութեամբ վարած է Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ խմբավարի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ սիրայօժար կերպով՝ Համազգայինի Լոս Անճելըսի «Գուսան» երգչախումբի խմբավարութիւնը, մեծ դեր ունենալով երգչախումբի հիմնադրութեան մէջ եւս։ Երկար տարիներ պաշտօնավարած է Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս երկրորդական վարժարանի մէջ իբրեւ երաժշտութեան պատասխանատու ուսուցիչ. գործունեայ անդամ եղած է նաեւ ՌաՖՖի Ռումանահայ Միութեան։
Առ ի գնահատանք տասնամեակներու իր նուիրեալ ծառայութեան ու ազգանուէր գործունէութեան, 11 Հոկտեմբեր 2004 թուականին արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, ձեռամբ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր։
Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի զաւակներուն Վարուժանին եւ Անիին, թոռներուն, ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն, ընկերներուն ու բարեկամներուն։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 8 Սեպտեմբերին, Հոլիվուտ Հիլզի Ֆորեսթ Լոն գերեզմանատան մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ