Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Վաստակաշատ Կրթական Մշակ եւ Ազգային Գործիչ Հայկազ Թրթռեան Ոչ Եւս Է

By August 27, 2020June 3rd, 2024No Comments

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, խոր ցաւով կը գուժեն Թեմի վաստակաւոր մշակ եւ դաստիարակ, ազգային գործիչ եւ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ երեսփոխան Հայկազ Թրթռեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի 23 Օգոստոս 2020-ին։

Քեսապի հայրենաշունչ մթնոլորտին մէջ հասակ առած Հայկազ Թրթռեան մանուկ հասակէն սնած է ազգային ոգիով ու Կիլիկեան շունչով։ Կրթական ասպարէզը եղած է արեան կանչը, որ զինք ուղղած է դէպի Անթիլիասի Դպրեվանք, ուր հայոց ցեղասպանութենէն ու տեղահանութենէն ետք հաստատուած էր Կիլիկիոյ դարաւոր Ս. Աթոռը. Հայկազ Թրթռեան եղած է Անթիլիասի Դպրեվանքի ուսանողներէն, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է թրծուած միտքով ու հոգիով եւ հարստացած՝ հայու ամուր կամքով ու նկարագրով։

Ազգ, Եկեղեցի ու հայրենիք միշտ մնացած են իր գործունէութեան սեւեռակէտը։ Լիբանանէն մինչեւ Լոս Անճելըս, տասնամեակներ շարունակ մեր ազգային վարժարաններէն ներս վարած է ուսուցիչի եւ դաստիարակի պաշտօններ, որոնց կողքին նաեւ ունեցած է ազգային բեղուն գործունէութիւն, իբրեւ հայ դպրութեան հաւատաւոր սպասարկու՝ հայ սերունդներ պատրաստելու, իբրեւ զինուոր՝ հայ դատը պաշտպանելու ու ջերմեռանդ ջատաքով՝ հայ միտքի լոյսը նոր սերունդներուն փոխանցելու։

Հեղինակած է յօդուածներ ու հրապարակախօսութիւններ հայ պարբերական մամուլին մէջ, ինչպէս նաեւ «Քեսապի Փոքրիկ Հանրապետութիւնը» գիրքը նուիրուած իր սիրելի ծննդավայր Քեսապին։

Ի գնահատութիւն կրթական ասպարէզի մէջ տասնամեակներու իր նուիրեալ ծառայութեան ու ազգանուէր գործունէութեանց, 4 Յուլիս 1996 թուականին արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի այրիին Երջանուհիին, զաւակներուն՝ Ասատուրին, Քեռիին, Հրակին եւ դստեր Յուշիկին, թոռներուն, եղբօր, քոյրերուն, ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն, ընկերներուն ու բարեկամներուն։

Թաղման կարգի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 8 Սեպտեմբերին, Հոլիվուտ Հիլզի Ֆորեսթ Լոն գերեզմանատան մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Close Menu

Categories