Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Վարդանանց Տօնին Առիթով Էնսինոյի Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի 8-Րդ Կարգի Աշակերտներ Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

By March 3, 2025No Comments

Չորեքշաբթի, 26 Փետրուար 2025-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան ընդունեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի 8-րդ կարգի աշակերտները, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի՝ Տիկին Սօսի Շանլեանի, ընկերակցութեամբ պատասխանատուներու եւ ուսուցիչներու:

Ս. Վարդանանց տօնին առիթով, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան վերանորոգ սրահին մէջ 68 սիրասուն աշակերտներ գործադրեցին գեղարուեստական յայտագիր, ոգեկոչելով Վարդանանց յիշատակը խմբական արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով:

Տիկին Սօսի Շանլեան, յանուն վարժարանի մեծ ընտանիքին, շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու դրուատեց 8-րդ կարգի աշակերտութեան աշխատասիրութիւնը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգեւոր պետին եւ անոր փոխանցեց այցելու աշակերտներու ձեռքով պատրաստուած քաղցրահամ տուրմերու փունջը:

Գեղամ Արքեպիսկոպոս հայրական խօսքով եզրափակեց այցելութիւնը՝ խրատելով պատանի աշակերտները՝ «ինչ որ կ՛ընէք, լաւը ըրէք» թելադրանքով, անդրադարձաւ անոնց՝ դէպի երիտասարդութիւն տանող տարիքային հանգրուանին եւ դիտել տուաւ, որ ներկայ տարիքը գիտութիւն ամբարելու տարիք է, առ այս յորդորեց լաւ սորվիլ, ու մանաւանդ ճանչնալ հայկական վարժարանի ազգային դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, որ զիրենք կը զատորոշէ այլ վարժարաններու աշակերտներէ:

Խօսելով տօնին մասին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նախ անդրադարձաւ հայոց պետականութեան պատմական երկու էական թուականներէն՝ 301-ին՝ իբրեւ քրիստոնէութեան պետական կրօնք ընդունման եւ 405-ին՝ իբրեւ Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետի Գիրերու գիւտի ընդմէջէն Քրիստոնեայ Հայաստանի հայացման՝ նշելով, որ այս երկու արժէքներու ընդելուզման պաշտպանութիւնը կատարուեցաւ 451 թուականի Վարդանանց պատերազմով, Վարդան Մամիկոնեան զօրավարի սպարապետութեամբ:

«Երեք կարեւոր թուականներ, զորս մինչ օրս կը յիշենք՝ իբրեւ ազգ ու հայրենիք, որովհետեւ այս երեք իրադարձութիւնները մեր ազգի հոգեկերտուածքը կը ցոլացնեն», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ «վասն Յիսուսի, վասն Հայրենեաց» թեւաւոր խօսքը յիշելով՝ աշակերտներուն բացատրեց որ «ազգերն ալ ունին յիշողութիւն, որոնք լաւագոյնս կը մեկնաբանեն ազգի մը նկարագիրն ու տեսլականը եւ իմաստ կու տան իրենց կեանքին, հետեւաբար, այս երեք թուականներէն առաջին երկուքը հայ քրիստոնեայ Հայաստանի եւ անոր սեփական լեզուին ու մշակոյթի ստեղծումը կը խորհրդանշեն, մինչ երրորդը՝ 451-ը, քրիստոնեայ Հայաստանի պետականութիւնը կը պաշտպանէ՝ հանդիսանալով դարերու ուղենիշ եւ բնօրինակ՝ քրիստոնեայ Հայաստանի գոյութեան պաշտպանութեան համար, նաեւ Սարդարապատի ճակատամարտէն մինչեւ Արցախեան Պահանջատիրութիւն»:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց այցելու վարժարանի տնօրէնութիւնը, պաշտօնէութիւնը, ուսուցիչներն ու աշակերտութիւնը՝ իբրեւ հայկական երկրորդական վարժարանի ամբողջական ընտանիք, ապա իր հայրական օրհնութիւններուն հետ աշակերտերուն բաշխեց բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ոսկեհաս Ջրվէժ» հատորէն օրինակներ եւ վզի փայտեայ խաչեր:

Հուսկ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս աշակերտները խումբ առ խումբ հրաւիրեց աղօթքի՝ Հոգեւոր տան Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան մէջ, որուն պատերը կը գեղազարդեն քրիստոնեայ Հայաստանի երեք բաղադրիչ թուականները յատկաշող դէպքերու գեղանկարները: Աշակերտական խումբերը, ի տես մեծադիր նկարներուն, աղօթական ջերմ մթնոլորտի մէջ նաեւ ապրեցան ազգային ոգեշնչող դաստիարակիչ խռովք:

Close Menu

Categories