
Հինգշաբթի, 8 Յուլիս 2021, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային վարչութեան, տեղի ունեցաւ մեծարանքի յատուկ ձեռնարկ՝ ի պատիւ Տէր եւ Տիկին Կարօ Էշկիեանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս իր ծառայական բազում տարիներու վաստակին իբրեւ գնահատանք, այլեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Արեւմտեան Թեմին ցուցաբերած իր նիւթաբարոյական օժանդակութեան, նաեւ մարդասիրական օգնութեան՝ ի Հայաստան, Լիբանան եւ այլ երկիրներ:
Մեծարանքի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ։ Ներկայ եղան Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան, Հոգեւորականաց դասը, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Գլխաւոր հիւպատոս՝ դեսպան դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, Ազգային վարչութիւնը, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ մեծարեալին կողմէ հրաւիրեալներ:
Երեկոյին բացումն ու բարի գալուստի խօսքը կատարեց Կրօնական ժողովի անդամ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան՝ դիտել տալով, որ Հայրապետական Ս. Աթոռի վեհաշնորհ Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի որոշումն է Տէր եւ Տիկին Կարօ Էշկիեանի շնորհել «Կիլիկեան Իշխան» շքանշան, ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որպէսզի օրհնէ սեղանները:
Ազգային վարչութեան անունով խօսք առաւ ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան՝ լոյսին բերելով մեծարեալ զոյգին ծառայական վաստակը ոչ միայն Արեւմտեան Թեմի գործունէութեան մէջ, այլեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, եկեղեցւոյ, Հայ վարժարանին, Հայ դատին, Հայաստանին, Արցախին եւ Սփիւռքի մեր գաղութներուն՝ իբրեւ ազգին ու հայրենիքին նուիրեալ եւ մնայուն զօրակիցներ:
Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս՝ դեսպան դոկտ. Բայբուրդեան իր կարգին դրուատեց մեծարեալ ամոլին նիւթաբարոյական աջակցութիւնը Հայաստանին ու հայութեան, յիշեց հայրենեաց տագնապալի օրերէն մանրապատումներ՝ վեր առնելով Կարօ Էշկիեանի ձեռներէցութեան ոգին, ապա զայն կոչեց «մեծատառով մարդ»:
Երեկոն խանդավառեց Կրէկ Հօշարեան՝ դաշնամուրի վրայ նուագելով դասական մեղեդիներ:
Ընթրիքի աւարտին Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան յանուն Կրօնական ժողովին ներկայացուց իր սրտին խօսքը՝ շեշտելով Կարօ Էշկիեանի հաւատարմութիւնը՝ ազգի սրբազան ու մնայուն արժէքներուն նկատմամբ, ապա ընդգծեց մեծարեալին համեստութիւնը՝ այդ բոլոր արժէքները միշտ իրմէ վեր դասելով անոնց սպասարկելու մէջ իր ցուցաբերած պատրաստակամութեան համար: Յետ իր սրտի խօսքին ան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որպէսզի փոխանցէ օրհնութեան խօսքը:
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան նախ բարձր գնահատեց Էշկիեան ամոլի ծառայական ոգին եւ դիտել տուաւ, որ Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանը գիտէ արժանաւորինս պատուել մեր համայնքի կեանքին մէջ իր լուման ներդրած, Հայ եկեղեցւոյ մէջ իր հաւատքը ամրագրած, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու հայ ազգի կեանքին ու սփիւռքեան ազգային կառոյցներուն մէջ իր անսակարկ զօրակցութիւնը ցուցաբերած իւրաքանչիւր հայ մարդ: Այս առումով Սրբազան Հայրը իր երախտիքը յայտնեց Ազգ. Առաջնորդարանի ղեկավարութիւնը ստանձնած բարձրաստիճան հոգեւորականներուն եւ բոլոր ազգաշէն նուիրեալներուն, որոնց շարքին՝ մեծարեալ Էշկիեան ամոլը, ըսելով որ Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովին հետ միասնաբար գեղեցիկ մտածումը ունեցանք, որ այսօր, մեծարանքի այս ձեռնարկով հաւաքուինք ազգային այս կեդրոնին մէջ եւ ըսենք Էշկիեան զոյգին, որ անգամ մը եւս կը գնահատենք ձեզ, ձեր մատուցած բոլոր այն ծառայութիւններուն համար, որոնց շնորհիւ մենք ալ մեր կարգին ամբողջական ծառայութիւն կը բերենք մեր հայրենիքին, ազգին, Եկեղեցւոյ, համայնքի զաւակներուն եւ մեր շրջապատին. Կարոյին ու Սօսէին ընդմէջէն մեր դրուատանքի խօսքը կ՛ուղղենք նաեւ բոլոր այն նուիրեալ հոգիներուն, որոնցմէ շատեր այս երեկոյ մեզի հետ են:
Մեծարանքի երեկոն իր զենիթին հասաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բարձրագոյն՝ «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանի տուչութեամբ. Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի Հայրապետական Կոնդակը, մինչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան շքանշանը մատուցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ աղօթքով զայն զետեղեց Տիար Կարօ Էշկիեանի կուրծքին։
Արարողութեան աւարտին, մեծարեալ Տիար Կարօ Էշկիեան իր եւ իր տիկնոջ՝ Սօսէին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Եփրեմ Արք. Թապագեանի, Ազգային վարչութեան, կազմակերպիչ յանձնախումբին ու հրաւիրեալներուն, ապա զգացուած ու յուզուած՝ հետեւեալ խօսքը ուղղեց ներկաներուն. «Այս շքանշանը ձեզի կը պատկանի: Այս շքանշանը կը պատկանի բոլոր այն ընկերներուս եւ գործընկերներուս, որոնք տարիներով հետս աշխատեցան եւ հաւատացին ինծի, որովհետեւ գերմարդ չենք կրնար ըլլալ մենք առանձինն, բայց խմբային աշխատանքով կրնանք անկարելին դարձնել կարելի»: Երեկոն պայծառակերպուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի յոտնկայս երգեցողութեամբ, կատարողութեամբ Անահիտ Ներսիսեանի:
Անցնող տասնամեակներուն Տիար Կարօ Էշկիեան իր անսակարկ ծառայութիւնը բերած է լոսանճելըսահայութեան կեանքի բարգաւաճման գործընթացին: Ան եղած է Ազգ. վարչութեան անդամ, ապա ատենապետ, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ, ապա ատենապետ եւ շրջանի Ազգային երեսփոխան:
Տիար Էշկիեան եւ իր կողակիցը՝ Սօսէն, անցնող տարի հոգացին վերանորոգման ծախսերը Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին, Անթիլիաս եւ մինչեւ օրս կը ծառայեն հայ համայնքին՝ իբրեւ հասարակական գործիչներ, կամաւոր զինուորագրեալներ Արեւմտեան Թեմին եւ ազգային բարերարներ: Պատիւն Արժանաւորաց:
Յայտնենք, որ Տիար Կարօ Էշկիեան, ի պատիւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, հարիւր հազար ($100,000) տոլար նուիրեց Ազգ. Առաջնորդարանին, այսպիսով հանդիսանալով 2022 թուականի Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան ընթրիքի անդրանիկ զօրակցողը: